Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան որ, աւանդութիւն դարձած՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ Գոհաբանութեան տօնին օրը տեղի ունենալիք նուիրահաւաքի (թելեթոնի) մասնակցութեան համար Լոս Անճելըս պիտի գտնուի, Կիրակի, Նոյեմբեր 22ին պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Վէն Նայսի Սուրբ Պետրոս հայց. եկեղեցւոյ մէջ:
Ժամերգութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 8:30ին, իսկ Ս. Պատարագը՝ 10:00ին: Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն, ուր հաւատացեալները առիթը պիտի ունենան անձամբ ողջունելու հիւր սրբազանը եւ ստանալու իր օրհնութիւնները: