ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Գրաւեալ Կիպրոսի «հանրապետութեան» հիմնարկութեան 26րդ տարեդարձը նշուեցաւ Կիրակի, Նոյեմբեր 15ին Թուրքիոյ պետական նախարար Ճէմիլ Չիչէքի մասնակցութեամբ։ Թուրքիա, որ վերջերս յաճախակի կերպով կը պաշտպանէր Ղարաբաղի հարցին մէջ Ատրպէյճանի շահերը, այն տպաւորութիւնը ստեղծած էր, թէ մոռցած է գրաւեալ Կիպրոսը: Սակայն, Չիչէքի բերնով, Թուրքիա Կիրակի օր նոր երաշխիքներ տուաւ Կիպրոսի թուրքերուն եւ ըսաւ. «Եթէ հարկ ըլլայ նախընտրութիւն մը ընել Եւրոմիութեան ու թրքական Կիպրոսի հանրապետութեան միջեւ, Թուրքիա անվարան կ՛ընտրէ Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը»։
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ եւս գրաւեալ Կիպրոսի տարեդարձին առթիւ հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ յիշեցուց, որ Թուրքիա, թէ՛ իբրեւ երաշխաւոր երկիր եւ թէ՛ իբրեւ հայրենիք, ինչպէս ցարդ, ասկէ վերջ եւս պիտի կանգնի Կիպրոսի թուրքերուն իրաւական, քաղաքական ու ընկերային իրաւունքներուն կողքին։
Յիշեցնենք, թէ 1974ին թրքական բանակը ներխուժեց Կիպրոս եւ գրաւեց կղզիին հիւսիսային մասը (քառասուն առ հարիւրը)։ Մինչեւ այսօր, գրաւեալ Կիպրոսի մէջ ինքնահռչակ թրքական հանրապետութիւնը ճանչցուած է միայն Թուրքիոյ կողմէ։