Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2009ին, վարժարանս այցելեց արուեստագէտ պրն. Մամիկոն Արութիւնեան եւ աշակերտները ծանօթացուց հայկական նուագարաններու, ինչպէս տհոլը, զուռնան, շուին, տուտուկը, սրինգն ու պարկապզուկը։
Աշակերտները նախ լսեցին տրուած բացատրութիւնը,ապա ըմբոշխնեցին իւրաքանչիւր նուագարանի իւրայատուկ ձայնն ու երաժշտութիւնը եւ վերջապէս, խանդավառուած մթնոլորտէն, բոլորը միասին հայկական մենապարերով ու շուրջ-պարերով ճոխացուցին մէկ ժամուան յայտագիրը։
Ապա, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23ին, վարժարանիս «Ներսէս Թաշճեան» մարզադաշտ այցելեց մանկական երգերու «Հոյ Լարի» խումբը եւ ճոխ ու խանդավառ երգերով ջերմացուց մթնոլորտը։
Անգամ մը եւս, մանկապարտէզի Ա. եւ Բ. կարգերու աշակերտները երգելով, պարելով ու ցատկռտելով ճոխացուցին մթնոլորտը։