ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ֆրանսայի Նանս քաղաքի ֆրանսական վարժարանի մը թուրք աշակերտներէն 13ամեայ Մուսթաֆա Տողան դպրոցէն վտարուած է, երբ իր շարադրութեան մէջ պնդած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած։ Դպրոցը երկու օր պայմանաժամ տուած է Մուսթաֆային, որպէսզի պրպտումներ ընէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, խօսի Ցեղասպանութենէ վերապրածներու հետ, համացանցով դիմէ թրքական աղբիւրներէ տարբեր աղբիւրներու եւ սրբագրէ իր տեսակէտները, սակայն ան անդրդուելի մնացած է: Դպրոցին պատմութեան ուսուցիչը աշակերտներէն շարադրութիւն մը ուզած էր Հայկական Ցեղասպանութեան մասին։ Մուսթաֆա, որ նախապէս բանավէճ մը ունեցած էր իր ուսուցչին հետ, այս անգամ եւս զայրանալով, իր շարադրութեան մէջ գրած է. «Նոյնիսկ եթէ ցեղասպանութիւն կատարուեցաւ, անոնք արժանի դարձած էին այդպիսի ցեղասպանութեան մը»։
Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութիւնը ուրացողները պատժելու օրէնքը դեռ վաւերացուած չէ, բայց փաստօրէն արդէն իսկ կը գործադրուի, կը գրէ «Զաման» թերթի Փարիզի թղթակից Ալի Իհսան Այտըն։
Այս պատահարը բաւական յատկանշական է։ Դպրոցին ուսուցիչը ասկէ առաջ անհանգստացած էր Մուսթաֆային պնդումներէն ու կանչել տուած էր անոր հայրը, որուն ըսած էր, որ իրենց տղան Ֆրանսայի օրէնքներուն համաձայն յանցանք կը գործէ երբ կ՛ուրանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Տղուն հայրը՝ Մէհմէտ Տողան պատասխանած է, որ ինք Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները պատժող օրէնքէն տեղեակ չէր:
Մէհմէտ Տողան աւելի ուշ պնդած է, որ պատմութեան ուսուցիչը ցեղապաշտ մերձեցում ցոյց տուած է ու գրգռած է 13 տարեկան տղեկ մը։ Ան աւելցուցած է, որ ինք եւս չի հաւատար, որ ցեղասպանութիւն մը կատարուած է, սակայն ցաւ յայտնած է, որ իր որդին գրած է նաեւ, թէ «Նոյնիսկ եթէ ցեղասպանութիւն կատարուեցաւ, հայերը արժանի դարձած էին այդպիսի ցեղասպանութեան մը»։
Մուսթաֆա կը պնդէ, թէ իր ուսուցիչները անկողմնակալ չեն «1915ի պատահարներու» հարցին մէջ։ Ան ուսուցչին հարցուցած է, թէ ինչու չեն պատմեր, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը Թուրքերուն դէմ ելան, ռուսերուն միանալով։
Ֆրանսայի մէջ թրքական կազմակերպութիւն մը շարժման անցաւ։ Կազմակերպութեան ներկայացուցիչը Ուրբաթ օր պիտի տեսակցի դպրոցին տնօրէնին հետ։
Տնօրէնը, «Զաման» թերթի թղթակցին հետ խօսելու ընթացքին պաշտպանած է պատմութեան ուսուցիչը եւ արդար գտած է տրուած պատիժը։