ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 11-15 Նոյեմբեր 2009, Անկլիքան եկեղեցւոյ աթոռանիստ Քենթըրպըրիի մէջ գումարուեցաւ «Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու» տարեկան ժողովը, որուն մասնակցեցաւ Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու)։
14 Նոյեմբերին, Նարեկ սրբազան տեսակցութիւն մը ունեցաւ Անկլիքան եկեղեցւոյ պետ Քենթըրպըրիի Ռոուըն Ուիլեըմզ արքեպիսկոպոսին հետ եւ անոր փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եղբայրական ողջոյնները։
Ժողովին միւս մասնակիցներն էին Ռուս ուղղափառ, Հռոմէական կաթողիկէ, Անկլիքան, Լուտերական, Բարեկարգեալ, Մկրտչական, Մեթոտիսթ, Բողոքական եւ Ազատ եկեղեցական գլխաւոր ընտանիքներէ ներկայացուցիչներ։
Շուրջ երեսուն ժողովականներ քննարկեցին միջ-եկեղեցական եւ ներ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն առընչուած հիմնական հարցեր եւ համաքրիստոնէական մտահոգութիւններ, ինչպէս օրինակ՝ աստուածաբանական երկխօսութիւններ, քրիստոնէական միութեան աղօթք, եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդէն ներս եղած փոփոխութիւններ եւ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւն։
Նարեկ սրբազան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն՝ այլ եկեղեցական ընտանիքներու հետ ունեցած աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութիւններուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւններու գլխաւոր երեսներուն։
Նարեկ սրբազան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Անկլիքան եկեղեցւոյ ընտանիքի Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ կանոնիկոս Ալիսոն Պարնեթ Գօուընին հետ եւ մտքերու փոխանակում կատարեց Անկլիքան եկեղեցւոյ ընտանիքի եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքի աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան յանձնախումբին ներկայ կացութեան մասին։