ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ազգային վերջին Ընդհանուր Ժողովի փափաքին ընդառաջելով, Արամ Ա. Կաթողիկոս հերթաբար Անթիլիասի մայրավանք կը հրաւիրէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զանազան թեմերու առաջնորդ սրբազաններն ու ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչները, կաթողիկոսարան-թեմ գործակցութեան եւ խորհրդակցութեանց համար:
Անցեալ շաբաթ իրանահայ թեմերու առաջնորդ սրբազաններն ու ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ Անթիլիաս ժամանելով, հանդիպումներ ունեցան Վեհափառ հայրապետի նախագահութեամբ գումարուող Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան կրօնական ու քաղաքական ժողովներուն հետ:
Յառաջիկայ շաբաթ, նոյն նպատակով կաթողիկոսարան պիտի ժամանեն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան, ինչպէս նաեւ Գանատայի թեմի առաջնորդ սրբազաններն ու Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչ անդամները:
Սոյն հանդիպումները փորձառութեանց փոխադարձ հարստացման առիթ ըլլալուն հետ, նաեւ շարք մը տեղական հարցերու եւ դժուարութիւններու լուծման առիթներ են, Վեհափառ հայրապետին թելադրութեանց հիման վրայ առնուած որոշումներով եւ ցուցմունքներով: