ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Եւրօ-2012»ի որակաւորման փուլի վիճակահանութեան համար, վարկանիշներու համաձայն կազմաւորուած զամբիւղներուն մէջ, Հայաստանի հաւաքականը ընդգրկուած է 5րդ խումբին մէջ: Յաջորդ տարուան Փետրուար 7ին կայանալիք վիճակահանութեան իբրեւ արդիւնք՝ Եւրոպայի առաջնութեան ընտրական փուլին մէջ պիտի ձեւաւորուին 9 խումբեր, որոնցմէ 6ին մէջ պիտի ընդգրկուին 6ական, 3ին մէջ 5ական երկիրներու հաւաքականներ: Խումբերուն յաղթողները, ինչպէս նաեւ 2րդ տեղը գրաւած խումբերու շարքին մէջ լաւագոյն արդիւնքը ունեցող ընտրանին պիտի նուաճեն եզրափակիչի ուղեգիր: Երկրորդ ճանչցուած միւս 8 հաւաքականները՝ 4 ուղեգիրներուն տէրերը պիտի որոշեն անցումային խաղերուն ընթացքին: