ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- ՀՄԸՄի Լոս Անճելըս մասնաճիւղէն 18 սկաուտներ մասնակցեցան Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6ին սկսած արշաւ-բանակումին, որու նպատակներէն էր նկարագրի կերտում, խմբային աշխատանքի վարժութիւն, ընկերային կապերու հաստատում, մասնաճիւղին մէջ սորված գիտելիքներուն գործադրութիւն եւ հաճելի պահերու ապահովում:
Ուրբաթ գիշեր, սկաուտներուն բանակումը տեղի ունեցաւ արշաւի մեկնակէտին մօտ գտնուող «Sycamore Canyon» բանակավայրին մէջ, ուրկէ Շաբաթ առաւօտեան ժամը 9ին սկսաւ մօտաւորապէս 15 մղոննոց արշաւը, որու ընթացքին արշաւին մասնակիցները անցան զարիվերներէ, զարիվարներէ եւ տափարակ վայրերէ:
Շաբաթ երեկոյեան ժամը 6:30ին, սկաուտները հասան Լա Հոյիա հովիտի բանակավայրը, ուր գիշերեցին:
Յաջորդ առաւօտեան, յաւելեալ հինգ մղոն լեռնագնացութենէ մը ետք, մասնակիցները հասան Փոյնթ Մըկուիի գագաթը, ուրկէ իջան դէպի ծովեզերք:
Յատկանշական է, որ ամբողջ արշաւի տեւողութեան, սկաուտները իրենց վրայ կը կրէին իրենց ճաշը, ջուրը, քնանալու տոպրակը եւ վրանը, ինչ որ իրենց ծանրութեան մօտաւորապէս 20-30 տոկոսն էր: