ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Նոյեմբերի 28ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) հերթական 12րդ համագումարը: ՀՀԿ մամուլի խօսնակ Էդուարդ Շարմազանով կը տեղեկացնէ, որ համագումարին պիտի մասնակցին շուրջ 2000 պատուիրակ: Կուսակցութեան նոր ղեկավար մարմինի ընտրութիւնը այս համագումարի օրակարգի վրայ է:
Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան համագումարի ընթացքին ծաւալուն զեկոյց պիտի ներկայացնէ:
ՀՀԿ մամլոյ խօսնակը չբացառեց, որ կուսակցութեան ղեկավար կազմէն ներս զգալի փոփոխութիւններ կատարուին:
Սոյն համագումարին հրաւիրուած են Հայաստանի եւ այլ երկիրներու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, մասնաւորապէս՝ Ռուսիոյ Եդինայա Ռոսիա եւ Եւրոպական ժողովրդավարական կուսակցութիւններէն:
Ըստ Շարմազանովի, Հայաստանէն հրաւիրուած են «Բարգաւաճ Հայաստան»ը, «Օրինաց երկիր»ը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, «Ազգային ինքնորոշում միաւորում»ը, «Ազգային միաբանութիւն»ը, Արմէնական-Ռամկավարները, ինչպէս նաեւ այլ կուսակցութիւններ:
Շարմազանով կ՛ըսէ, թէ Հայ ազգային կոնգրէսին հրաւէր չէ ուղարկուած: