ՄԻՆՍԿ, «Փանորամա».- Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ անցեալ շաբաթ, Պելառուսիոյ մէջ, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկրներէն իւրաքանչիւրի նկատմամբ արտաքին որեւէ յարձակումի պարագային ՀԱՊԿ անդամ երկիրները կը միանան պաշտպանելու իրենց դաշնակիցը:
Ռուսիոյ նախագահը նկատած է, որ ՀԱՊԿ Արագ արձագանգման հաւաքական ուժերը (ԱԱՀՈՒ) ստեղծուած են ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու տարածքին առաջ եկող դժուարին իրավիճակներուն համատեղ հակազդելու նպատակով:
«Ասոնք արագ արձագանգման ուժեր են, որոնք կրնան օգտագրոծուիլ նման հիմնախնդիրներ լուծելու համար, ներառեալ ռազմական ուժի կիրառմամբ: Յիշեցնեմ, որ մեր հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի համաձայն կը գործէ այն նոյն կանոնը, որ առկայ է Հիւսիսատլանտեան դաշինքի (ՆԱԹՕ) պարագային, ըստ որուն՝ երկիրներէն մէկուն նկատմամբ յարձակումը կը նկատուի յարձակում Դաշինքի, Պայմանագրի անդամ բոլոր երկիրներու վրայ: Ասիկա շատ լուրջ ձեւակերպում մըն է, մենք, չես գիտեր ինչու, ատոր մասին երբեմն կը մոռնանք, մինչդեռ իրականին մէջ գործընկերային պարտաւորութիւնը ճիշդ ատոր մէջ կը կայանայ, ներառեալ՝ ռազմական պարտաւորութիւնը», յայտարարած է Տմիթրի Մետվետեւը:
Յիշեցնենք, որ ՀԱՊԿի անդամ են եօթ երկիրներ՝ Հայաստան, Պելառուս, Ղազախստան, Ղրղզստան, Տաճիկիստան, Ուզբեկիստան եւ Ռուսիա: