ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հակառակ միջազգային տնտեսական ճգնաժամի ստեղծած որեւէ հանագանակային աշխատանքի համար անբարենպաստ մթնոլորտին, Շուշիի վերականգնումի գաղափարը յաջողեցաւ համախմբել հայկական աշխարհը՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր օճախներ, եւ արձանագրել պատուաբեր յաջողութիւն մը՝ հանգանակելով շուրջ տասնվեց միլիոն տոլար:
Հանգանակութեան արդիւնքները, ըստ աւանդութեան, ամփոփուեցան «Հայաստան» հիմնադրամի տարեկան թելեթոնի ընթացքին, որ կը կազմակերպուի եւ կը սփռուի Լոս Անճելըսէն:
Թելեթոնի յաջողութեան համար իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի ալ դիմած է մոսկուաբնակ եւ հայաստանցի գործարար հարուստ շրջանակներուն, որ առատաձեռնօրէն մասնակցին դրամահաւաքին:
Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած նախագահ-հայ գործարարներ հանդիպման արդիւնքները հրապարակուեցան միայն թելեթոնի օրը: Մոսկուայի հանդիպման մասնակից հայ գործարարները հաւաքաբար հիմնադրամին նուիրած են 5 միլիոն 290.000 տոլար: Համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնին այս տարի հանգանակուած է 1 միլիոն 800.000 տոլար նուիրատուութիւն: Այս տարի եւրոպական հեռախօսամարաթոնին մասնակցած է 12.400 ընտանիք: Հեռախօսամարաթոնի նախօրէին աւելի քան 20.000 հայաստանաբնակ նուիրատու իր լուման ներդրած է Շուշիի բարեկարգման գործին:
Այս տարի ալ խոշոր նուիրատուներու ցանկը կը գլխաւորէ ռուսահայ գործարար Սամուէլ Կարապետեանը, որ հանգանակութեան մասնակցած է մէկ միլիոն տոլարով: Անցեալ տարի Կարապետեան նուիրած էր 15 միլիոն տոլար, որ յատկացուած է Ստեփանակերտի մէջ հիւանդանոցի կառուցման ծրագրին: ԲԱՄՕ ընկերութեան (Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի սեփականատէր Մուրատեան եղբայրներ) նուիրատուութիւնը կազմած է 600.000 տոլար, Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային գործարանինը՝ 500.000 տոլար, Վարդանով Վարդանինը՝ 250.000 տոլար, Արա Աբրահամեանինը՝ 150.000 տոլար, Ստեփանեան Գենադիինը՝ 100.000 տոլար: Մարաթոնին մասնակցած է նաեւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին՝ Շուշիի վերականգնման համար նուիրաբերելով 100.000 տոլար:
Հայաստանի եւ Արցախի նուիրատուութիւնները կազմած են 1 միլիոն 747 հազար տոլար, Եւրոպայի (Ֆրանսա, Գերմանիա, Զուիցերիա, Հոլանտա, Աւստրիա) մէջ հանգանակութիւնը ապահոված է 4 միլիոն 126 հազար տոլար, Մեծ Բրիտանիայի հայ համայնքը առանձին նուիրած է 1.2 միլիոն տոլար: Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին հանգանակուած է 2.1 միլիոն տոլար (ԱՄՆի Արեւելեան շրջան՝ 450 000, Արեւմտեան շրջան՝ 1 636 000) Գանատահայերը հանգանակած են՝ 560 հազար տոլար, Արժանթինի եւ Պրազիլի մէջ հանգանակուած է 550 հազար տոլար, Լիբանանի մէջ՝ 216 հազար, Աւստրալիոյ մէջ՝ 100 հազար տոլար: