ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի քաղաքապետական հարցերու թղթակից Մէյվ Ռեսթըն Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1ին անդրադարձած է մէկ օր առաջ տեղի ունեցած Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի երկրորդ ընտրատարածքի ընտրութեանց ծիրին մէջ տեղի ունեցած թեկնածուներու միջեւ բանավէճին:
Յայտնենք, թէ ընտրութեան երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8ին:
Ան կը գրէ, թէ բանավէճէն այն տպաւորութիւնը ստացած է, որ մինչ թեկնածուները՝ Փօլ Գրիգորեան եւ Քրիսթին Էսըլ կը շարունակեն համակիրներ ապահովելու իրենց աշխատանքը, անոնք բանավէճին ընթացքին փորձած են որոշ հեռաւորութիւն մը պահել իրենց ու քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսայի միջեւ:
Արդարեւ, անոնք խուսափած են ուղղակի պատասխանելէ այն հարցումին, թէ պատրա՞ստ են Վիարակոսայի ի նպաստ քուէարկելու, եթէ ան այլ պաշտօնի մը թեկնածու ըլլայ:
Էսըլ նաեւ անհիմն համարեց այն տարաձայնութիւնները, թէ Վիարայկոսա պատրաստ է նեցուկ կանգնելու իր ընտրութեան, իսկ Գրիգորեան դրուատեց Քալիֆորնիոյ կառավարիչի պաշտօնին համար իր թեկնածութիւնը չդնելու քաղաքապետին որոշումը, որովհետեւ քաղաքը այս հանգրուանին շարք մը դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ եւ նման պայմաններու տակ սխալ պիտի ըլլար «նաւը ձգել առանց նաւավարի»:
Գրիգորեան նաեւ ընդունեց, թէ Վիարակոսա մեծ ակնկալիքներ ստեղծած էր իր ընտրութիւնով, սակայն պաշտօնը ստանձնելէ ետք շատեր յուսախաբ մնացած են, շատ հաւանաբար որովհետեւ քաղաքապետը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր քաղաքէն դուրս տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վրայ:
Յայտնենք, թէ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Գրիգորեան Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորդհուրդի անդամներէն երկուքին (Ռիչըրտ Ալարքոնի եւ Փօլ Քորէցի) աջակցութիւնը ապահոված է, իսկ Էսըլի նեցուկ կը կագնին Ճէնիս Հան, Հոզէ Ուիզար, Թամ ԼըՊոնժ, Ճէն Փէրի, Պիլ Ռոզընտակ, Հըրպ Ուէսըն, Կրէկ Սմիթ եւ Տէնիս Զայն: