«Իքոնոմիսթ» կը հաղորդէ, թէ Իտալիոյ մենատէր Պենիթօ Մուսոլինիի հոմանուհիին՝ Քլարա Փեթաչիի օրագրութիւնը, որ վերջերս լոյս տեած է 50 տարի պետական արխիւներու մէջ մնալէ ետք, ցոյց կու տայ, թէ ֆաշական գաղափարախօսութեան ջատագով ղեկավարը հակասեմականութեան մէջ պարզապէս նացի Գերմանիոյ ղեկավար Ատոլֆ Հիթլէրի հետեւորդ մը չէր, ինչպէս կարգ մը իտալացիներ կը պնդեն, այլ նոյնքան կ՛ատէր հրեաները:
Յատկանշական է նաեւ, որ «Mussolini segreto» հատորին մէջ Փեթաչի գրած է, թէ 1938ին Մուսոլինի յայտնած է, թէ հրեաները պիտի ջարդէ՝ «ինչպէս, որ թուրքերը ըրին», ակնարկելով 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան:
Այս կը նշանակէ, թէ Հիթլէրի տխրահռչակ՝ «այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերը» խօսքէն մէկ տարի առաջ, Մուսոլինի Հայկական Ցեղասպանութիւնը իբրեւ հրեաներու ողջակիզման նախատիպար գործածելու մասին կը մտածէր: