ՄՈՍԿՈՒԱ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղկատուական եւ մամլոյ բաժանմունքի վարիչ Անտրէյ Նեսթերէնքօ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10ին յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքը յատկանշական յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ: Բանբերը աւելցուց, որ եթէ այս տարուան ընթացքին ստեղծուած դրական տեղաշարժը շարունակուի, ապա յառաջիկայ տարի տարրական սկզբունքներուն շուրջ վերջնական համաձայնութիւն մը հնարաւոր պիտի ըլլայ գոյացնել, որու հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ խաղաղութեան համաձայնագիր մը մէջտեղ բերել:
Նշենք, որ վերջերս Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէր եւս նման նախատեսութիւն մը կատարած էր:
Նեսթերէնքօ նաեւ աւելցուց, թէ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները տարածաշրջան պիտի այցելեն այս օրերուն Մատրիտի սկզբունքներուն բարեփոխուած տարբերակը պիտի ներկայացնեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն: