ԺԱՔՈՒ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու շարք մը ներկայացուցիչներ բողոքած են ընդդէմ Պաքուի ԱՄՆ դեսպանատան՝ փորձելով պարզել Ուաշինկթընի դիրքորոշումը՝ ամերիկեան Freedom House հասարակական կազմակերպութեան հրատարակած քարտէսին վերաբերեալ, ուր Լեռնային Ղարաբաղը պատկերուած չէ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Անոնք նաեւ բողոքած են ԱՄՆի կողմէ ԼՂՀին 8 միլիոն տոլարի նիւթական օգնութիւն տրամադրելուն համար:
Ատրպէյճանի մէջ գործող ԱՄՆ դեսպանատան հանրային կապի բաժնի ղեկավար Թերրի Տէյվիտսընը յայտարարած է, որ ԱՄՆ պաշտօնական դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին վերաբերեալ կը մնայ անփոփոխ։
«Միացեալ Նահանգները չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը: Ասիկա մեր քաղաքականութիւնն է, որ անփոփոխ կը մնայ: Ինչ կը վերաբերի ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ տրուող օգնութեան, ԱՄՆ զայն կը յատկացնէ ոչ թէ իշխանութիւններուն, այլ մարդոց: Գումարը բացառապէս տրամադրուած է իբրեւ մարդկային օգնութիւն: Նման ծրագիրներ կ՛իրականացուին հասարակական կազմակերպութիւններուն կողմէ: Ի հարկէ, միաժամանակ Միացեալ Նահանգները օգնութիւն կը տրամադրեն նաեւ ատրպէյճանցի տեղահանուած բնակչութեան: Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս ընդգծել, որ վերջին տարիներուն մենք իրականացուցած ենք ականազերծման լայնածաւալ ծրագրեր, ջանքեր գործադրած ենք՝ բռնի տեղահանուածներուն համար նոր դպրոցներ կառուցելու համար եւ տարբեր ծրագիրներու միջոցով՝ փորձած ենք աւելի բարեկեցիկ դարձնել անոնց կեանքը»:
Անդրադառնալով Freedom Houseի պատրաստած քարտէզին եւ Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան վիճակին մասին կտրուկ քննադատութեան վերաբերող հարցերուն՝ Թերրի Տէյվիտսընը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն խորհուրդ տուած է դիմել նշեալ կազմակերպութեան՝ նշելով, որ ԱՄՆի կառավարութիւնը ոչ մէկ կապ ունի անոր հետ: