1936 Սուրիա—Հալէպ, Զարուհի եւ Գէորգ Գարակէօզեաններ ծնունդ կուտան իրենց դստեր՝ Արեգնազին, զոր կը դաստիարակեն տիպար հայ աղջկան մը տուեալներով: Արեգնազ հասակ առնելով կը դառնայ լուրջ Հայ մանկամարդուհի մը, որ 1953ին Ս.Պսակի խորհուրդով կ՛ուխտէ իր կեանքը միացնել պրն. Թուխման Խաչատուրեանի հետ: Տարիներու ընթացքին անոնք կը բախտաւորուին երեք զաւակներով՝ Վարդուհի, Յովհաննէս եւ Սարգիս անուն, որոնք կը մեծնան իրենց ծնողաց սիրալիր եւ հոգատար հսկողութեամբ:
1973ին Խաչատուրեան ընտանիքը կը տեղափոխուի Լիբանան, որմէ ետք 1984ին վերջնականապէս հաստատուելու համար Միացեալ նահանգներ: Այդ տարիներու ընթացքին անոնք կը վայելեն ամուսնութիւնը իրենց զաւակներուն, Վարդուհիին՝ Մայք Վանլեանի հետ, բախտաւորուելով երկու մանչերով՝ Շարլօ եւ Րաֆֆի, Յովհաննէսին՝ Լուսինի հետ, կրկին երկու մանչեր՝ Արամ եւ Նշան, Սարգիսին՝ Թանիայի հետ, ծնունդ տալով Թուխմանին ու Նարեկին: Հետագային, զաւակներէն՝ Սարգիս իր մօր, Արեգնազի, բաղձանքը իրականացնելով կը ձեռնադրուի քահանայ, դառնալով Հովիտի Սրբոց Նահատակաց Առաքել. եկեղեցւոյ այժմու հովիւ՝ Տ. Ռազմիկ աւագ քահանան, շնորհելով Արեգնազ մօր՝ Տիրամայր տիտղոսը:
Աստուածատուր վեց թոռները ժամանակի ընթացքին կը դառնան Տիրամայր Արեգնազին եւ Թուխման մեծ հայրիկին կեանքի երջանկութիւնն ու հոգատարութեան առարկաները, շարունակուելու համար Մայք անուն ծոռան մը ծնունդով, որ առաւել եւս ապրելու յոյս կը ներշնչէ անոնց սրտերուն մէջ:
2008 թուականը կ՛իրականացնէ տիրամօր կեանքի տարիներու երազը՝ օրհնուած քաղաք Երուսաղէմը այցելելու եւ օրհնութիւն ստանալու առիթը իր ամուսնոյն հետ:
Տիրամայր Արեգնազ Խաչատուրեանի կեանքի դրոշմը կը խորհրդանշէ՝ հաւատարիմ հայ կնոջ ու հայ մօր օրինակելի տիպարը, լուսաւորելով զայն քրիստոնեայ հաւատացեալի իր կենցաղով, եւ տակաւին, Հայ Օգնութեան միութեան հաւատաւոր ծառայութեամբ ու նուիրումով:
Տիրամայր Արեգնազ իր կեանքի տարիները պսակեց ապրելով՝ հայ քրիստոնեայ հաւատացեալի վայել կեանք մը։ Անոր համար, կիրակնօրեայ եկեղեցի յաճախելն ու իր ընտանիքին, եկեղեցւոյն, ազգին ու իր շատ սիրած ու փայփայած կազմակերպութեան՝ ՀՕՄին ծառայելը կ՛իմաստաւորէր իր գոյութիւնը:
Բարեսիրտ էր, եւ ունէր մեծ հոգի լսելու եւ օգնելու իրեն դիմող ոեւէ հարազատի եւ կամ սատարելու բարեսիրական որեւէ աշխատանքի մը լուծման:
Տիրամայրը իր հաւատարիմ, պարկեշտ եւ ծառայասէր կեանքով, իր ապրած տարիներու ընթացքին իր շուրջ հաւաքեց անհամար հարազատներ եւ բարեկամներ, որոնք պիտի յաւերժացնեն մեզմէ յաւէտ բաժնուած ու իր հաւատքի ճամբուն փնտռած արքայութեան միանալու յոյսով մեզմէ հեռացած Տիրամօր անթառամ յիշատակը:
Տիրամայր Արեգնազ Խաչատուրեանի անունը հարազատօրէն կը հնչէ բոլոր անոնց ականջներուն, որոնք իրենց առօրեային մէջ որեւէ մէկ կապով կամ առիթով գործակցած են տիրամօր հետ։ Ժպտուն էր ու մեղմ, դիւրաւ սրտակցող ու բաժնեկից ազնիւ մտածումի ու գործի, պատրաստակամ ոգիով ձեռնարկող եւ պարկեշտօրէն ու մշտարթուն կերպով փարող՝ իրեն վստահուած գործին կամ յանձնառութեան:
Քրիստոնեայ հաւատացեալի իր նկարագրով փարած էր եկեղեցւոյ ծառայութեան, հաւատքի ճամբով աղօթք ու ներշնչում փոխանցելով այլոց։ Քանի—քանի անգամներ յայտարարած էր, որ իր ֆիզիքական ցաւերն ու հոգեկան մտահոգութիւնները փարատած էր աղօթքի ու հաւատքի ճամբով, որով նաեւ խթանած էր ուրիշները եւ մղած զիրենք հաւատալու՝ աստուածային սուրբ զօրութեան ներկայութեան մեր կեանքերուն մէջ։
Ազգասիրութեամբ լեցուած, Հ0Մի հաւատքով առլցուն ու նուիրումի ուխտը սրտին մէջ դրոշմած, հաստատուն քայլերով՝ 1960 թուականէն սկսեալ իր ուղին կ՛առնէ Սուրիայէն դէպի Լիբանան եւ ապա Միացեալ Նահանգներ, հարազատ համեստութեամբ ու պարտականութեան հանդէպ սիրալիր կեցուածքով, անտրտունջ քայլերով կը ծառայէ իր սիրած ու փայփայած՝ կնոջական կազմակերպութեան՝ ՀՕՄին, առանց խտրականութեան, ստանձնելով՝ սեւ գործն ու պատասխանատու պաշտօնները, ըստ պահանջքի իր ներդրումը բերելով նիւթապէս եւ բարոյապէս Հ0Մի մեծ ընտանիքին, եւ յատկապէս իր պատկանած Հոլիվուտի Մայր մասնաճիւղին։
Թող բարի ու ծառայասէր նկարագիրդ լաւագոյն օրինակը դառնայ մեր բոլորին:
Խունկ ու աղօթք անթառամ յիշատակիդ:
Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ… մեր շատ սիրելի եւ յիշատակելի՝ Տիրամայր: