ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
«28 Սեպտեմբեր 1921ին, Մարաշի քաղաքական իշխանութիւնները հայկական անշարժ կալուածներու վերաբերեալ խիստ օրէնքներ սահմանեցին։ Ինչպէս յետագայ դէպքերը պիտի փաստէին, անոնց նպատակը հայերու ձեռքէն իրենց տուներն ու հողերը խլելն էր։ Մարաշէն արտասահման մեկնող հայոց տուները կամ հողային կալուածները պետութեան պիտի յանձնուէին առանց փոխարժէքի։ Կալուածատէրը ոչ կրնար վարձու տալ եւ ոչ ալ ծախել իր կալուածը, սակայն տուրքերը պիտի վճարուէին։
Այդ օրէնքները վերացական բնոյթ ունէին…»
Հատուած Ճոնաթան Քէրրի
«Մարաշի Առիւծները» գիրքէն
Ինչպէս ամէն սրտցաւ հայ, մենք ալ մեր անկիւնէն լարուած ջիղերով, շունչերս բռնած, հեւ ի հեւ կը հետեւինք հայկական եւ թրքական իշխանութիւններու ստորագրած ու զոյգ երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ վաւերացուելու ընթացակարգին յանձնուած տխրահռչակ Փրոթոքոլներուն։
Հայ մամուլը կը վխտայ Արձանագրութիւնները վերլուծող յօդուածներով ու փորձագրութիւններով։ Պատկերասփիւռի հայկական կայանները՝ մասնաւորապէս «Հորիզոն»ը քաղաքական շատ լուրջ քննարկումներու կ՛ենթարկէ իր ներկայ ձեւին մէջ վտանգաւոր անդրադարձներ խոստացող Արձանագրութիւնները, առանց մոռնալու բոլոր մակարդակներու վրայ կայացող ժողովրդային հաւաքներն ու հոն հնչող երբեմն հռետորական, յաճախ կրքոտ ու բացառաբար խոր վերլուծումները։
Արդէն ամէն ինչ ըսուեցաւ արձանագրութիւններու մասին եւ թէ հարցը իր բոլոր կողմերով քննարկուեցաւ եւ այժմ գնդակը Սահմանադրական դատարանի դարպասը կը գտնուի, նախքան խորհրդարան ներկայացուիլը։
Արդ, իրերու ներկայ դասաւորումին դիմաց կանգնած այս հրապարակագիրը, բոլորովին նոր միտք մը արտայայտելու կամ ստուերի մէջ մնացած ծալք մը լուսաբանելու յաւակնութեամբ չի մօտենար իր նիւթին։
Տասնամեակներէ ի վեր, ամերիկահայերը ոգի ի բռին կը պայքարին, իրենց մարդուժն ու տնտեսականը չխնայելով, որպէսզի իրար յաջորդող խոստումնադրուժ մեր նախագահներուն բերանէն, ԱՄՆի պետական բառամթերքին մէջ թապու համարուող «Արմինիըն Ճենոսայտ» տարազը լսեն։
Որպէս ցեղասպանութենէն վերապրած ծնողներու զաւակ եւ մանուկ հասակին՝ քեմալական խժդժութիւններն ու զուլումը ճաշակած սփիւռքահայ, վերջին մտահոգութիւնս է ամերիկացի պետական այրերուն եւ նախագահներուն բերնէն ցեղասպանութիւն բառը լսելը։ Ըսած եմ ու կը կրկնեմ, եթէ նոյնիսկ հայածին մէկը այս երկրին նախագահութեան ձգտի եւ օր մը գրաւէ այդ պաշտօնը, անոր պիտի չարտօնուի ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ վե՛րջ։
Միամիտ չձեւանանք։
Ի՛նքը, նորընտիր նախագահը չէ որ պիտի որոշէ պատահածը ցեղասպանութիւն էր թէ ոչ։ Այլ ուժային՝ Փենթակոնը, Սի.Այ.Էյ գաղտնի սպասարկութիւնները, Պետական քարտուղարութիւնն ու մասնաւորապէս այս երկրին արտաքին քաղաքականութեան լծակները իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած… հրէական լոպին։ Ես անձամբ որպէս Հայ Դատի վեթերան զինուոր ու պահանջատէր հայ, նաեւ որպէս ամերիկեան քաղաքացի այդ ուղղութեամբ ակնկալութիւններս զէրոյի իջեցուցած եմ եւ ամերիկացի քաղաքական մարդոց պոչ խաղցնելները այլեւս չեն յուզեր զիս, ոչ ալ անկեղծ ըլլալու համար՝ դոյզն չափով կը մտահոգեն։
Ի դէպ այս վերջերս քաղաքական բանաձեւի մը մասին մտորումի մէջ եմ յաճախ, բան մը որ իմ նմաններուս իրաւունք պիտի տայ, որպէս իրաւատէրը Հայ Դատին, ցեղասպանութեան ճանաչման փոխարէն, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին եւ ԱՄՆի նախագահ Օպամային երեսին շպրտել:
«Լաւ, եթէ կ՛ուզէք որ մոռնա՛նք ցեղասպանութիւնը, փոխարէնը4 խնդրեմ զաւթուած մեր հողերը վերադարձուցէ՛ք …»
Սակայն թուրք պետական այրերը հողային պահանջի եւ Սեւրի Դաշնագրի հանդէպ ծայր աստիճան ալէրժիք ըլլալ կը թուին ու չեն ուզեր այդ մասին լսել անգամ։ Ինչ որ իրենց խթան հանդիսացաւ արձանագրութիւններու ճամբով փորձագէտներու կողմէ անվաւերական հռչակուած Կարսի պայմանագրին այնքան ամուր կառչիլ։
Անձնական փորձառութեամբ կը խօսիմ…
Դէպքը որուն պիտի անդրադառնամ, մեզ երեսուն հինգ տարի ետ պիտի տանի, դէպի 1974 Յուլիս-Օգոստոս ամիսները, երբ Կիպրոսի վրայ թրքական ներխուժումին յաջորդող ամիսներուն, թրքական դիւանագիտութիւնը, ցանկապատները վերականգնելու նպատակով, ոգի ի բռին աշխատանքի լծուած էր չեզոքացնելու՝ երրորդ աշխարհի նորանկախ երկիներու մօտ իրենց յարձակապաշտ ու բիրտ վերաբերմունքին գործած աւերներն ու ժխտական տպաւորութիւնը։
Սիէրրա Լէոնի մօտ ՄԱԿի ներկայացուցիչ շատ զարգացած թուրք բարեկամի մը միջոցով ծանօթացայ թրքական դիւանագիտական խումբին եւ զանոնք ծովեզերեայ յայտնի ճաշարան մը հրաւիրեցի ընթրիքի, որուն պիտի յաջորդէր հայկական հողային հարցին արծարծումը։
Սիրով ընդունեցին հրաւէրս, ոչ թէ հայու սեւ աչքերուս համար, այլ քանի որ ինձմէ ակնկալիքներ ունէին։ Ուշիմ ընթերցողը գուցէ հարց տայ, թէ հզօր Թուրքիոյ դիւանագիտութիւնը ի՞նչ կրնար
սպասել սեւ Ափրիկէի մէջ կորած հայու բեկորէն… Այ՛ո անոնք ինձմէ խնդրեցին, որ երկրին վարչապետին մօտ բարեխօսէի իրենց համար, իմացած ըլլալով, որ Վարչապետ Ալպէրթ Մարկային հետ բարեկամական սերտ կապեր ունէինք։
Կիպրոսի նախագահ Մակարիոս արքեպիսկոպոսը երրորդ աշխարհին եւ մասնաւորապէս ափրիկեան զանգուածներուն հերոսը դարձած էր երբ Սամսոն կոչեցեալ գնդապետ մը ձախաւեր յեղաշրջում առաջացուց, Յունաստանի զինուորական խունթային հրահանգով եւ աքսորի մատնեց հէգ հոգեւորականը, Կիպրոսի կոտորակման ու բաժանման պատճառ դառնալով։
Թրքական տելեկացիան (պատուիրակութիւնը-Խմբ.) շատ լաւ գիտէր, թէ քաղաքավար պաղ վերաբերմունքի պիտի արժանանար երկրին ազգայնական ղեկավարութեան կողմէ, այդ վախը զիրենք «ղուզույի» (միամիտ ոչխարի-Խմբ.) պէս «հայ դատական»ի մը գիրկը նետեց եւ ինծի վիճակուեցաւ քաղաքական միջնորդ տէր պապայի երկինքէն ուղարկուած բախտը։
Չորս հոգիներէ բաղկացած էր թրքական պատուիրակութիւնը. ՄԱԿի ներկայացուցիչ թուրք ծանօթս դիւանագիտօրէն կը բացակայէր ընթրիքէն։ Ուրեմն, Մարոքի թուրք դեսպանը, Ճումհուրիէթ թերթի խմբագիրը, խորհրդարանի նախագահն ու խորհրդարանի երիտասարդ մէկ անդամը, որուն Լազ ըլլալը հետագային պիտի իմանայի։ Մեծյարգոյ հիւրերս կառքիս մէջ նստեցուցի ու ծովեզերքի ճամբան բռնեցինք։
Դուրսը, Ատլանտեան ովկեանոսի եզերքը հնդկընկուզենիներու տակ սեղան տրամադրեցին մեզի։ Ընթրիքը ուրախ տրամադրութեան տակ անցաւ։ Քիչ ետք, խորհրդարանի նախագահը հանդէս եկաւ այն տրամաբանութեամբ, թէ որպէս Թուրքիոյ ծնունդ զիս իրենց հայրենակիցը կը համարէին, թրքերէն լեզուին տիրապետումս ալ աւելորդ փաստ էր թրքահայ արմատներուս… Եւ շոյուած կը զգային, որ իրենց հայրենակիցը հասած էր այնպիսի դիրքի մը, երբ երկրին վարչապետին բարեկամութիւնն ու վստահութիւնը կը վայելէր։
Եղածը դիւանագիտական մարձում էր։ Չեմ գիտեր թուրք պատուիրակները, միօրեայ ազիզ իմ հիւրերս, դիմացինը ինչի՞ տեղ կը դնէին։ Արդեօ՞ք մեր փոխյարաբերութիւններուն մէջ բոլորս ալ նոյն սխալը չե՞նք գործեր մարդիկը իրենց ասպարէզներէն, բնակած տունէն կամ քշած մեքենաներէն եւ ձեռք ձգած վկայականներէն դատելով։ Եւ թուրքերը, անշուշտ, բացառութիւն չէին կազմեր։
Բայց սկսուած թատրոնը մինչեւ վերջ պիտի բեմադրուէր ու այդ երեկոյ իր լրումին հասնէր։ Պատմեցի իրենց Վարչապետին ու պետական աւագանիին հետ ունեցած կապերս… թէ ինչպէս ընտրական հաւաքոյթի մը բորբոքած, եռուն մէկ պահուն, իշխող կուսակցութեան նախարարները զանգուածային վթար կ՛ունենային, երբ օրէնքի դէմ էր ընտրութիւններու պետապատկան իրենց մեքենաները գործածել եւ հարցը սքանտալի (գայթակղութեան-Խմբ.) չվերածուած, ի՞նչպէս սա հայ մասնագէտը օդանաւ կը նետուէր շունչը Գերմանիայ առնելու, Մերսետեսներու վնասուած կտորներու փոխնորդներով կը վերադառնար եւ հոտը մէջտեղ չելած, կը սարքէր վթարուած մեքենաները բազմանդամ իր աշխատանոցներուն մէջ, եւ կ՛արժանանար պետական աւագանիին գնահատանքին ու վստահութեան։
Փոխարէնը՝ հիւրերս պատմականը ըրին Կիպրոս իրենց ներխուժման, անշուշտ արդարացնելով իրենց նախայարձակ քայլը։ Եւ ինձմէ խնդրեցին, որ միջամտէի վարչապետին մօտ ու բարեխօսէի ի նպաստ Թուրքիոյ։ Բարեհաճոյ կեցուածք որդեգրած էի եւ քաղաքավարօրէն մտիկ կ՛ընէի թուրք «հայրենակիցներուս» հաճոյախօսութիւնները։ Երբ անոնք լռեցին, սպասումը ծանր, լլկիչ թուեցաւ։
– Պատրաստ եմ թուրք «վաթանտաշներուս» օգնելու, ըսի, սակայն մէկ պայմանով։
Սեղանին շուրջ սպասողական ծանր լռութիւն տիրեց։ Չորս զոյգ թուրքի աչքեր իրենց հիւրընկալին հակուած մնացին։ Սառեցաւ պահը ինչպէս՝ խմբանկար։ Կամաց մը աջ ձեռքս ձախ կուրծքիս ներքին գրպանը սահեցաւ եւ հոն պահուած Վիլսընեան Հայաստանի քարտէսը յայտնուեցաւ։ Լայնածաւալ սպիտակ փաստաթուղթը հիւրերուս, թուրք պետական այրերուն առջեւ փռեցի։ Սա այն քարտեսն էր ուր նախագահ Վիլսըն, մատնացոյց ընելով Արեւմտահայաստանը կը յայտարարէր՝
«Այս հողերը հայերուն կը պատկանին…»
Քարտէսը բաց նռնակի ահաբեկող ազդեցութիւն գործեց թուրք պետական այրերու վրայ։ Անոնցմէ ամէնէն խօսունը՝ Ճումհիւրիէթ թերթին խմբագիրը, առանց բառ մը փոխանակելու քաշեց քարտեսը ձեռքէս եւ սպիտակ ակնոցներով զննեց զայն։
– Ամէն հայ երիտասարդ այս քարտեսէն ուն՞ի գրպանը, հարց տուաւ ան…
– Գրպանը եթէ չունի ապա անպայման սրտին մէջ պահուած ունի զաւթուած մեր հողերու պահանջատիրութիւնը, պատասխանեցի ես հիւրերուս դիմագծային արտայայտութիւնները դիտելով։
Փոխն ի փոխ զննեցին քարտէսը։ Մարոքի դեսպանը խոժոռ դէմքով ու բամբ ձայնով՝
Հողը նուէր չի տրուիր, այլ արիւնով կը խլուի, ըսաւ ու լռեց։
Իսկ երիտասարդ անդամը խումբին ի տես վիլսընեան քարտեսին4
Պապամ, մեր հողերն ալ սեփականացուցեր էք, պոռաց զուարճացած։ Յետոյ պիտի իմանայի անոր լազ ըլլալը։
Պանդոկ վերադարձին, մեռելային լռութիւն կը տիրէր մեքենային մէջ։
Եկէ՛ք այլեւս, ամէն առիթի ցեղասպանութեան ճանաչման փոխարէն, պապենական մեր հողերը պահանջենք… Մէկը միւսին օրկանական անքակտելի մասն է։
Դեկտեմբեր 2, 2009