ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամներ Պարպարա Պաքսըր (Դեմոկրատ, Քալիֆորնիա) եւ Ճօ Լիպըրմըն (Անկախ, Քընեթիքեթ) որոշած են իրենց անունը միացնել Ծերակոյտին ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւը (թիւ 316) հովանաւորող ծերակուտականներու ցանկին:
Ներկայացուցիչներու Տան ներկայացուցած Ցեղասպանութեան բանաձեւին (թիւ 252) հովանաւոր մը եւս աւելցած է այս շաբթուան ընթացքին, երբ Քալիֆորնիայէն Լինտա Սանչեզ որոշած է նեցուկ կանգնիլ անոր:
Վերոյիշեալ քոնկրեսականներուն որոշումը աւելի յատկանշական կը դառնայ այն իրողութեան համար, որ անոնք իրենց որոշումը տուած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան լոյսին տակ: Յիշեցնենք, թէ Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան ընթացքին, Էրտողան «Փի.Պի.Էս.» կայանէն յայտարարած էր, թէ իր նախնիները ցեղասպանութիւն չեն գործած: Ան նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ընդհանրապէս փաստելու «մարտահրաւէր» յղած էր:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան ողջունեց այս քոնկրեսականներու որոշումը, միաժամանակ աւելցնելով, թէ աշխատանքը կը շարունակուի հովանաւորողներուն թիւը ուրճացնելու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ բանաձեւը ըստ հնարաւորինս արագ վաւերացնել:
Էրտողանի այցելութեան նախորդող մէկ ամսուան ընթացքին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը արշաւի մը նախաձեռնած էր, ճնշում բանցելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաքի Օպամային վրայ, որ ան յարգէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու իր ընտրական խոստումը:
Վերոյիշեալ քոնկրեսականներուն յաւելումով, ներկայիս Ծերակոյտին մէջ բանաձեւին նեցուկ կանգնողներուն թիւը տասի բարձրացած է, իսկ Ներկայացուցիչներու Տան մէջ՝ 135ի:
Երկու բանաձեւերն ալ կրկնօրինակն են անցեալ Քոնկրեսին ներկայացուած Ցեղասպանութեան բանաձեւին, որ վաւերացուած էր Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ: