ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Երեւան պաշտօնական այցով եկած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն ԼՂՀ մասնակցութիւնը այլընտրանք չունի եւ որ այդ խաղաղ բանակցութիւնները յաջողութիւն կրնան ունենալ միայն եթէ անոնց անմիջականօրէն մասնակից դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:
ԼՂՀ խորհրդարանականներու հետ հանդիպման ընթացքին, վերջիններու խնդրանքով Հայաստանի նախագահը անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն: Այդ ծիրէն ներս նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնաւորապէս նշած է. «Մենք պէտք է քաջ գիտակցենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծման բանակցային ճանապարհը կարող է յաջողութեան բերել միայն այն դէպքում, երբ բանակցութիւններին անմիջականօրէն մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Վստահ եմ՝ ժամանակը այս հարցում այլընտրանք չի թողնելու, եւ յոյս ունեմ, որ Կովկասի ժողովուրդների խաղաղ ու բարեկեցիկ ապագայի հանդէպ առաջնորդների պարտաւորուածութիւնները վերջապէս գիտակցուելու են եւ Ղարաբաղի ու Ադրբեջանի միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները վերջնական լուծումներ են ստանալու: Այլ կերպ լինել չի կարող»:
Հայաստանի եւ ԼՂՀ օրէնսդիր մարմիններու միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի 7րդ նիստին մասնակցելու նպատակով Երեւան գտնուող Արցախի խորհրդարանականներուն նախագահ Սարգսեան յայտնած է, որ «պետական կառավարման բոլոր օղակների յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի խորհրդարանների ներդաշնակ աշխատանքը ոչ միայն կարեւոր է ներկայ փուլում, այլեւ բազմաթիւ խնդիրներ է լուծում ապագայի համար:
Այս տեսանկիւնից ես գոհունակութեամբ եմ արձանագրում խորհրդարանների միջեւ ակտիւացող համագործակցութիւնն ու ամրացող կապերը՝ մի բան, որ իսկապէս տեսանելի է: Յուսով եմ նաեւ, որ Հայաստանի խորհրդարանի միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւորները նոր հնարաւորութիւններ կը ստանան աւելի ընդգրկուն մասնակցութիւն ունենալու տարածաշրջանային ու միջազգային ամենատարբեր գործընթացներում՝ լրացուցիչ անգամ բարձրաձայնելու Արցախի ժողովրդի ձայնն ու սեփական հողի վրայ սեփական ճակատագիրը տնօրինելու նրա անկասելի կամքը»:
Իր հերթին ԼՂՀ օրէնսդիր մարմնի ղեկավար Աշոտ Ղուլեանը միջխորհրդարանական յանձնաժողովի աշխատանքը գնահատած է արդիւնաւէտ եւ նշած, որ այն տեղեկատուութեան ստացման ու գործնական կիրառման առումով շատ օգտակար է»: