ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները անցեալ շաբաթ կատարեցին իրենց հերթական այցը տարածաշրջան: Անցեալին այսպիսի տեղեկատուութեան մը անպայման մաս պիտի կազմէր նկարագրութիւնը՝ համանախագահներու Պաքու-Երեւան-Պաքու, երբեմն նոյնիսկ Պաքու-Երեւան-Ստեփանակերտ- Պաքու այցելութեանց, նախագահներու ու արտաքին գործերու նախարարներու հետ հանդիպումներու եւ լաւատեսութիւն արձանագրող յայտարարութեան մը հրապարակումը:
Այս անգամ համանախագահները միայն գացին Պաքու: Երեւան չհասան: Հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին, անշուշտ, ուր անգամ մը եւս արձանագրեցին իրենց լաւատեսութիւնը, նշեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու յունուարեան հանդիպումի մը հաւանականութիւնը ու «Մատրիտեան սկզբումքեր»ու վերամշակման ուղղութեամբ իրենց տարած աշխատանքներու փաստը:
Երեւան չերթալու երկու պատճառ տրուած էր մամուլով: Մէկը՝ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեանի կողմէ, ըստ որուն պարզապէս պայմանաւորուածութիւն չէր եղած նման այցելութեան մը. այսինքն համանախագահներու եւ Հա-յաստանի արտաքին գործերու նախարարութեան միջեւ նման այցելութեան մը շուրջ նախնական խօսակցութիւն չէր եղած: Միւս պատճառը՝ իբրեւ թէ Երեւանէն այդ օրերուն կը բացակայէին համանախագահներու սովորական խօսակիցները: Երկրորդ պատճառը լրիւ սխալ էր, որովհետեւ թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ թէ արտաքին գործերու նախարար էդուարդ Նալբանդեանը Երեւան էին այդ օրերուն:
Առաջին պատճառն ալ անշուշտ անհեթեթ է, կամ, եթէ իրողութիւն է, ապա իմաստալից փաստ մըն է: Անհեթեթ, պարզապէս այն հիմնաւորումով, որ ժամանակը լաւագոյնս օգտագործելու պարտադրանքին տակ գտնուող համանախագահները, որոնք կը ջանան երկու նախագահներու յաջորդ հանդիպման համար կարեւոր նախապատրաստական աշխատանք տանիլ, դժուար չէ փախցնէին առիթը Հայաստանի պատասխանատուներուն հետ հանդիպման մը պայմանաւորուելու:
Համանախագահներու Երեւան չերթալու իբրեւ պատճառ կարելի է կատարել առնուազն երկու ենթադրութիւններ.
Անոնք չգացին Երեւան, որովհեետեւ երեւանցիք չուզեցին ընդունիլ զանոնք, այդ ձեւով պատգամ մը փոխանցելով անոնց, պատգամ մը որ կրնայ հակադարձութիւնը ըլլալ Հայաստանի կողմէ ռազմական միջոցներով հարց լուծելու ատրպեճանական շարունակական սպառնալիքներուն:
Անոնք չգացին Երեւան որովհետեւ Երեւանը որոշեց արտայայտել իր բողոքը Էրտողանի Ուաշինկթընեան այցելութեան ընթացքին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը Ղարաբաղի հարցի ի շահ Ատրպէյճանի արագ կարգաւորման հետ պայմանաւորելու յայտարարութիւններուն:
Երկու ենթադրութիւններն ալ կը թելադրեն հայկական կողմի կարծրացում, որու պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ կ՛իյնայ Էրտողանի ու Ալիեւի ուսերուն: