ՇՈՒՇԻ.– «Շուշի վերածնունդ» հասարակական բարեգործական հիմնադրամի առաքելութեան եւ ծրագիրներու իրագործման նպատակով՝ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Երուանդ Զախարեանի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կ՛իրականացուին Շուշիի վերականգնման ուղղուած շարք մը շինարարական-վերականգնողական, հասարակական, կրթական եւ մշակութային ծրագրեր:
2008 աշուն–2009 ամառ հիմնադրամը ձեռնամուխ եղած է Շուշիի ջրամատակարարման ենթակառուցուածքի վերականգնման աշխատանքներուն, որուն շնորհիւ՝ անցնող Նոյեմբերի աւարտին՝ խմելու ջուրը հասած է Շուշի եւ որուն պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 13ին՝ մասնակցութեամբ ԼՂՀ նախագահին, վարչապետին, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահին, ԼՂՀ եւ ՀՀ բարձրաստիճան հիւրերու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ շուշեցիներու:
Նշենք, որ վերջին անգամ Շուշի ջուր հասած էր 1862 թուականին։