ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մոսկուայի կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին տուած տեղեկութեան համաձայն, Մոսկուայի մէջ կառուցուող Սբ. Խաչ հայկական Մայր տաճարի շինարարութիւնը կը նախատեսուի աւարտել 2011ին:
Սբ. Խաչ տաճարէն եւ Սբ. Գէորգ ժամատունէն բաղկացած վանական համալիրը պիտի դառնայ Մոսկուայի հայ համայնքի մշակութային եւ հոգեւոր կեանքի կեդրոնը: