ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան անարգական արտայայտութիւններ ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին Դեկտեմբեր 6էն 8 Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան ընթացքին։ Զայն ընդունելու փոխարէն նախագահ Օպամա պէտք էր զայն անուանէր «փերսոնա նոն կրաթա»՝ «անբաղձալի անձնաւորութիւն մը»…
Արդեօք նախագահ Օպաման Սպիտակ տունէն ներս պիտի ողջունէ՞ր Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինաժատը եւ գովերգներ երգէր անոր, ծանօթ ըլլալով Ողջակիզման մասին անոր յետադիմական տեսակէտներուն։ Էրտողանը Միացեալ նահանգներ հրաւիրելը նոյնիսկ աւելի վարկաբեկիչ է, համազօր ըլլալով Ողջակիզումը ուրացող գերմանացի ղեկավար մը ընդունելուն…
Էրտողան շարք մը անընդունելի ակնարկութիւններ եւ ուրացումի յայտարարութիւններ ըրաւ Ուաշինկթընի մէջ իր ունեցած հինգ ելոյթներուն ընթացքին՝ «Փի. Պի.Էս.»ի, Ուիլըրտ պանդոկին, Ճոնզ Հափքինզ համալսարանի Յառաջացած եւ միջազգային ուսումնասիրութիւններու դպրոցին, «ՍԵԹԱ-Տի.Սի.» թրքական վերլուծաբանական կեդրոնին ինչպէս նաեւ գերմանական «Մարշըլ Ֆանտ»ի մէջ։
Դեկտեմբերին 8ին, «Փի.Պի.Էս.»ի Չարլի Ռոզին հետ մէկ ժամ տեւած հարցազրոյցին ընթացքին Էրտողան հայկական հարցին ակնարկութիւն ըրաւ, դիտել տալով, թէ իր կառավարութիւնը վերջերս վերանորոգած էր «հայկական եկեղեցի մը» Վանի մէջ, առանց սակայն ծածկելու թէ՝ Վանայ լիճի Ախթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցին վերաբացուեցաւ ոչ իբրեւ պաշտամունքի տուն, այլ՝ իբրեւ մշակութային վայր՝ զբօսաշրջիկներ գրաւելու համար… Իրապէս թրքական իշխանութիւնները մերժեցին արտօնել, որ խաչ մը զետեղուի եկեղեցւոյ գմբեթին…
Էրտողանի յոխորտալից արտայայտութիւնները մղեցին Չարլի Ռոզին, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը մէջբերէ կրաւորական ոճով մը հարցնելով. «Ի՞նչ անհրաժեշտ բանի կարիքը կայ. ի՞նչ յաւելեալ փաստի կարիքը ունի պատմութիւնը ցեղասպանութեան համար»։
Հարցումը զայրոյթ պատճառեց Էրտողանին՝ պատճառ դառնալով, որ ան ատելութեամբ լեցուն հաստատումներ կատարէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին. «Ես շատ յստակօրէն կրնամ ըսել, թէ մենք չենք ընդունիր ցեղասպանութիւնը։ Ասիկա ամբողջութեամբ սուտ է։ Ես կը հրաւիրեմ մարդիկ, որ փաստեն այդ մէկը… Այդ ձեւի բան իսկապէս հաւանական չէ եւ ճշմարտութիւն չկայ անոր մէջ»։ Ասոնք են ամօթալի խօսքերը նոյն այն մարդուն, որ յայտարարեց, թէ ցեղասպանութիւն չէր կատարուեր Տարֆուրի մէջ, որովհետեւ ինք ոչ մէկ հետք տեսած էր Սուտան կատարած իր այցելութեան ընթացքին..
Երբ Չարլի Ռոզ հարցուց թէ՝ նախագահ Օպաման Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը արծարծա՞ծ էր Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած իրենց հանդիպումին, Էրտողան ըսաւ՝ «Այո», աւելցնելով, թէ այդ մասին խօսած էին Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականացման պարունակին մէջ.
«Թուրքիան էր, որ սկսաւ բնականացման գործընթացը։ Թուրքիան էր, որ իր վրան առաւ ռիսքը։ Մենք մեծ հաւատք ունինք մեր վրայ։ Մենք կ՛ուզենք տեսնել այս բնականացման գործընթացին յառաջընթացը։ Եւ ատոր մէջ կարեւոր է որ այդ հարցը ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող Ղարաբաղի հարցը լուծուին։ Գրաւման հարց կայ։ Մենք պէտք է լուծենք այդ հարցը… Եւ եթէ այն դրական արդիւնքները, զորս կ՛ուզենք տեսնել մէջտեղ չգան, ապա չեմ կարծեր, որ մեր խորհրդարանը դրական արդիւնքի պիտի հասնի իր քննարկումներուն մէջ»։
Ճոնզ Հափքինզ համալսարանին մէջ իր ունեցած ելոյթին ընթացքին, Էրտողան հպարտօրէն հռչակեց, թէ՝ իր «նախահայրերը ցեղասպանութիւն չեն գործած երբեք»։ Իսկական հարցը այն չէ, թէ՝ իր մեծհայրերը մաս կազմեցի՞ն Հայկական Ցեղասպանութեան կամ ոչ, որովհետեւ անոնցմէ բացի մեծաթիւ թուրքեր մաս կազմեցին։ Աւելի կարեւորը այն է թէ՝ վարչապետը ընտրած է ըլլալ մեղսակից մը այդ գարշելի ոճիրներուն՝ մասնակցելով զանոնք ծածկելու գործին…
Հակառակ Էրտողանի եւ Օպամայի միջեւ փոխանակուած ամբողջ դիւանագիտական զուարթախօսութեան, կային ցուցանիշներ, թէ երկու ղեկավարները ունեցան լարուած հանդիպում մը։ Ըստ Սպիտակ տան աղբիւրներու կողմէ հաստատուած մամլոյ տեղեկութիւններու, նախագահ Օպամա ուղղակիօրէն ըսաւ Էրտողանին թէ՝ եթէ թրքական խորհրդարանը չվաւերացնէ Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւնները տրամաբանական ժամանակամիջոցի մէջ, Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը կրնայ որդեգրել Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ օրինագիծ մը։
Երկու ղեկավարները նաեւ բախում ունեցան շարք մը բանալի հարցերու մէջ իրենց հակասական տեսակէտներուն պատճառով. Աֆղանիստան յաւելեալ զօրք ղրկելու Թուրքիոյ դժկամութիւնը, Իրանի կորիզային ծրագիրին վերահսկելու նպատակով վերջերս «Այ.Էյ.Ի.Էյ.»ի կողմէ որդեգրուած որոշումի մը նեցուկ կանգնելու անոր մերժումը, ամերիկեան պատժամիջոցները արհամարհելով Իրանի հետ բազմամիլիառ տոլար արժող ուժանիւթի համաձայնութեան մը ստորագրումը, Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը, Հիւսիսային կիպրոսը գրաւման տակ պահելը եւ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու բացայայտ անտեսումը։
Էրտողանի ճակատագրական այցելութեան ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նէպի Սանսոյ իր հրաժարականը ներկայացուց անակնկալօրէն՝ Սպիտակ տան հանդիպումին մանրամասնութիւններուն շուրջ արտաքին գործոց նախարարի Ահմետ Տաւութօղլուին հետ ունեցած վիճաբանութենէն ետք։ Այդ ամօթալի զարգացումը վստահաբար մեծ խայտառակութիւն էր վարչապետին համար…
Թուրքիա վերադարձին, Էրտողան դէմ յանդիման գտնուեցաւ քաղաքական մեծ տագնապի մը եւ արիւնալի բախումներու՝ քիւրտերով բնակեցուած քաղաքներուն մէջ. դրդապատճառը Սահմանադրական դատարանին կողմէ քրտական Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան արգիլումն էր։ Ատեանը խորհրդարանէն դուրս դրաւ երկու կուսակցականներ մինչ տասնինը ուրիշներ հրաժարեցան՝ առ ի բողոք։
Խայտառակութիւն է, որ Հայաստանի ղեկավարները փոխանակ մերժելու Հայկական Ցեղասպանութեան շուրջ Էրտողանի անարգական յայտարարութիւնները, կը շարունակեն խօսիլ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականացման մասին… Ամերիկահայերը նոյնքան անհոգ գտնուեցան՝ չկարենալով արտայայտել իրենց զարոյթը։ Պէտք էր Ուաշինկթընի մէջ Էրտողանը դիմաւորուէր լայնատարած բողոքի ցոյցերով… Դժբախտաբար լռութիւնը ցեղասպանութեան ուրացումը ընդունելի կը դարձնէ…
«Քալիֆորնիա Քուրիր»ի Խմբագիր