ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Տը Նիւ Եորք Թայմզ».- Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12ին, իր Կրինիչ Վելլէճի (Greenwich Village) բնակարանին մէջ մահացած է 85 ամեայ ամերիկահայ դերասան Վալ Էյվըրի, բուն անունով Սեպուհ Տէր Աբրահամեան՝ հանրածանօթ «թաֆ կայ» (tough-guy) ածականով: Ան ծնած է Յուիլս 14, 1924ին Ֆիլատելֆիա եւ իր դերասանական ասպարէզը սկսած է Հայկական երիտասարդական թատրոնին մէջ, ապա համաշխարհային երկրորդ պատերազմին մասնակցելէ ետք արձանագրուած է Ֆիլատելֆիոյ Պեսի Վ. Հիքս թատերական դպրոցը։ Ան դերեր ստանձնած է 100է աւելի շարժապատկերներու եւ պատկերասփիւռի 300է աւելի յայտագիրներու մէջ:
Հաստատուելով Նիւ Եորքի Մանհեթըն շրջանին մէջ, ան աշխատակցած է Ճան Քասավեթեսի հետ ինչպէս՝ «Ֆեյսըզ» եւ «Թու լեյթ պլուզ» ժապաւէններուն վրայ եւ դերեր ստանձնած Համֆրի Պոկարթի, Փոլ Նիումընի, Սիտնի Փուաթիէյի եւ Փիթըր Ֆոլքի հետ։ Էյվըրի դերեր ստանձնած է «Տը Մակնիֆիսընթ սեւըն» (1960), «Տոնի Պրասքօ» (1997) շարժանկարներուն մէջ, ինչպէս նաեւ «Քոլոմպօ», «Տը օտ քափըլ», «Ժանի Սթաքքաթօ» եւ այլ պատկերասփիւռի շարքերու մէջ։