ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քսաներորդ դարասկզբին, խումբ մը հայեր, որոնք մազապուրծ ազատած էին 1915ի ծանր ողբերգութենէն, ապաստանեցան Արժանթինի մէջ եւ անոնց բաժին ինկած ճակատագրի, անցած փորձառութիւններու մասին հիւսուած պատմութիւնները բերանացի փոխանցուեցան սերունդէ սերունդ։ Ատիկա իր ազդեցութիւնն ունեցած է արժանթինահայ համայնքի ապրելակերպին ու պատմութեան ընկալման վրայ։
Դեկտեմբեր 15ին, Լուսիլա Թոսունեան, Տիրպըռնի Միչիկըն համալսարանին մէջ բանախօսութիւն մը ներկայացուցած է այս ամբողջ պատմութեան համառօտ բովանդակութեան մասին։
Լուսիլա Թոսունեան, «Մանուկեան-Սիմոն» կրթաթոշակով այցելու գիտաշխատող է Էն-Արպորի Միշիկըն համալսարանին մէջ, ուր կը պատրաստուի իր տոքթորան (PHD) ներկայացնել։ Ան կ՛ապրի Արժանթինի մէջ եւ Պուէնոս Այրէսի համալսարանէն ներս տոքթորական աստիճանի թեկնածու է. միաժամանակ գիտական ու թէքնիքագիտական ուսումնասիրութիւններու ազգային խորհուրդի կրտսեր գիտաշխատող։
Լ. Թոսունեանի բանախօսութեան հովանաւորներն են Միչիկըն համալսարանի Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ծրագիրն ու Տիրպըռնի մասնաճիւղի հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը։