Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլհան Փոլուխով «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր, որոնց շարքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացը։ Փոլուխով յայտնած է, որ Մամետեարով հանդիպում պիտի ունենայ իր թուրք գործընկերոջ՝ Ահմետ Տաւութօղլուի եւ շարք մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։