ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ Դեկտեմբեր 21ին ընդունած է Հայաստանի մէջ գործող Ալպանիոյ նորանշանակ դեսպան Վիլի Մինարոլլիի հաւատարմագիրները, որուն ընթացքին յայտարած է, թէ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի խնդիրն է եւ բացարձակապէս կրօնական երանգ չունի:
Հանդիպման ժամանակ Սերժ Սարգսեանը կարեւոր գտած է քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը եւ իրաւապայմանագրային դաշտին ընդլայնումը, որ խթան կը հանդիսանայ այլ ոլորտներուն մէջ գործակցութեան զարգացման համար:
Կողմերը համակարծիք եղած են, որ երկու երկիրները յարաբերութիւններու զարգացումը խոչընդոտող որեւէ խնդիր չունին, ընդհակառակը՝ ունին բաւականաչափ ընդհանրութիւններ եւ նմանատիպ ձգտումներ, որոնք կրնան նպաստել անոնց մերձեցման: