ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութիւնը նամակ մը յղած է ԵԱՀԿ գործող նախագահ Կէորկիուս Փաեանտրէուին՝ Դեկտեմբեր 20ին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գծի վրայ տեղի ունեցած միջադէպի կապակցութեամբ:
Դեկտեմբեր 20ին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ճակատի վրայ, սահմանագծի մօտ, Աղտամի ուղղութեամբ ատրպեճանական դիրքերէն արձակուած կրակոցներու հետեւանքով սպանուած է ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքի ուղղութեամբ քալող կին մը:
«Սա առաջին դէպքը չէ, երբ սահմանային գօտում բռնութեամբ բնակեցուած եւ ռազմական նկատառումներով շահագործուող տեղի բնակիչները անտանելի պայմանների պատճառով փորձում են անցնել ղարաբաղեան կողմը», գրուած է ԼՂՀի արտաքին գործերու նախարարութեան նամակին մէջ, ուր ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի ուշադրութիւնը կը հրաւիրուի այն փաստի վրայ, որ տուեալ միջադէպը տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի պայմաններու խախտման հետեւանքով, մինչդեռ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի զինուորները ձեռնարկած են բոլոր հնարաւոր միջոցները տարէց կնոջ ողբերգական մահը կանխելու համար:
Նամակի պատճէնը ուղարկուած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճեյ Գասպըրշիկին եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն: