ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ, Երեւանի մէջ, ՀՅԴ Երիտասարդական միութեանց ներկայացուցիչներ մամլոյ ասուլիս մը ունեցած են, որու ընթացքին անդրադարձած են համահայկական մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու ճիգերուն երիտասարդութեան մասնակցութեան կարեւորութեան:
Մամլոյ ասուլիսի մասնակիցները յայտնած են, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդական ու ուսանողական միութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչները Դեկտեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ կազմակերպած էին համահայկական խորհրդաժողով: Խորհրդաժողովին մասնակցած է 49 հոգի՝ Գանատայէն, ԱՄՆէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Եգիպտոսէն, Լիբանանէն, Իրանէն, Արցախէն, Հայաստանէն եւ այլ շրջաններէ: Ասուլիսի մասնակից, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Արթուր Ղազարեան յայտնած է, որ խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուած են շարք մը հարցեր, որոնց կարգին՝ հայ երիտասարդութեան հիմնախնդիրները հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ, դաշնակցական երիտասարդներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները ընդհանրապէս: Ժողովին անդրադարձ եղած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, արցախեան հիմնախնդրին, ջաւախահայութեան խնդիրներուն:
«Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններին, մէկ անգամ եւս փաստեցինք, որ կան նախապայմաններ: Պահանջում ենք դադարեցնել այդ գործընթացը: Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման այլընտրանքը Հայաստանի հետ պաշտօնական վերամիացումն է. այլ ճանապարհ չկայ: Անընդունելի ու դատապարտելի ենք համարել վրաց իշխանութիւնների կողմից իրականացուող խտրական քաղաքականութիւնը հայութեան նկատմամբ, որն իրականացւում է æաւախքում», յայտնած է Ա. Ղազարեան աւելցնելով, որ ՀՅԴ երիտասարդական ու ուսանողական միութիւններու բարձրագոյն մարմիններու խորհրդաժողովը կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի երտասարդութեան՝ ըլլալու զգօն ու շրջահայեաց՝ արտաքին ճնշումներու նկատմամբ:
«Մենք փորձելու ենք մեր երիտասադրութեանը, Սփիւռքի հայութեանը միասնական դարձնենք ու միասին Յունուարի 11ին մեր բողոքի ձայնը բարձրացնենք Սահմանադրական դատարանի առջեւ: Մեզ արդէն յայտնել են, որ Սփիւռքից ցանկացողներ կան այդ օրը գալու ու միանալու մեզ: Ի հարկէ, Սփիւռքում էլ կը լինեն բողոքի ակցիաներ, միջոցառումներ», յայտնած է Ղազարեան:
Յիշեցնենք, որ Յունուար 12ին Սահմանադրական դատարանը որոշում պիտի կայացնէ հայ-թրքական արձանագրութիւններու վերաբերեալ: ՀՅԴն Յունուարի առաջին տասնօրեակին Սահմանադրական դատարանին առջեւ պիտի կազմակերպէ բողոքի միջոցառումներ, հանրահաւաքներ, երթեր:
Ղազարեան յայտնած է նաեւ, որ ՀՅԴ Երիտասարդական համաժողովին անդրադարձ եղած է հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման: Երիտասարդները անդրադարձած են, որ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր Սփիւռքի հետ Հայաստանի երիտասարդութեան կապերը ձեւական բնոյթ կրած են: «Այս ախտաճանաչումէն ետք «մենք մէկընդմիշտ աշխատանք ենք տանելու, որ Սփիւռքի մեր հայութիւնը մասնակից լինի թէ՛ Հայաստանում, թէ Արցախու՛մ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացներին», նշած է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան նախագահը:
Երիտասարդութեան դերակատարութեան մասին խօսելով Արթուր Ղազարեան յայտնած է, որ հայ երիտասարդութիւնը մասնակից չըլլար քաղաքական գործընթացներուն:
«Մեր կոչում յստակ ասւում է, որ յատկապէս նման պայմաններում, երբ հայրենիքի անվտանգութեան խնդիր ունենք, պէտք է միակամ, միաձոյլ ձեւով ազդենք քաղաքական գործընթացների վրայ», ըսած է Ղազարեան: