ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 22ին Հայաստանի Ազգային Ժողովի Վերահսկիչ պալատի (ՎՊ) խորհուրդի նիստին ընթացքին՝ ՎՊ նախագահ Իշխան Զաքարեան յայտարարած է, թէ 2008-2009ի ընթացքին՝ ծնողազուրկ երեխաներու բնակարաններուն համար նախատեսուած ծրագիրը ձախողած է: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան պետական պիւտճէին յատկացումները ուսումնասիրելու ընթացքին՝ վերահսկիչ պալատը յայտնաբերած է շարք մը խախտումներ:
Մանկատան շրջանաւարտներուն բնակարան ձեռք բերելու ծրագրին համար 2008ին պետական պիւտճէէն նախատեսուած էր 285 միլիոն դրամ, իսկ 2009ին՝ 309 միլիոն դրամ: Երկկողմանի ծնողազուրկ երեխաներուն համար ե՛ւ 2008ին ե՛ւ 2009ին յատկացուած էր 124 միլիոն դրամ:
«Այս երկու ծրագրերն էլ չի կատարուել, եւ համարում ենք այս ծրագրերը ձախողուած այն պարզ պատճառով, որ պետական պիւտճէից նախարարութեանն այս գումարները ընդհանրապէս չի յատկացուել, որի արդիւնքում բնակարաններ, բնականաբար, չեն գնուել», ըսած է Իշխան Զաքարեանը, ըստ որուն ծրագիրը ամենավատերէն մէկն է, որովհետեւ թէ առաջին ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին եւ թէ յետոյ ոչ մէկ լաւ բան չեն տեսած: 2009ի Յուլիս 1ի դրութեամբ Հայաստանի մանկատուներու շրջանաւարտներուն թիւը կազմած է 507, որոնց 322ը նկատի առնուած են որպէս բնակարանի կարիք ունեցողներ, սակայն բնակարան ստացած է ընդամէնը 153 հոգի:
Իշխան Զաքարեան ծրագրին ձախողութիւնը կապած աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նորանշանակ նախարար Մխիթար Մնացականեանի հետ, այլ նշած է, որ շատ կարճ ժամանակի մէջ ան կրցած է կարգաւորել խնդիրները: