ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն, ամփոփելով 2009ի Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան զարգացումները, յայտնած է, որ «Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու հետ Թուրքիա բարեկամական օղակ պիտի ստեղծէ»:
Տաւութօղլու ընդգծած է, որ «Կովկասը պարուրած խնդիրները 2009ին, Թուրքիոյ մէջ ամէնէն շատ քննարկուած թեմաները եղան: Հայաստանի հետ ստորագրուեցաւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման արձանագրութիւններ: Մեր հեռանկարը, ոչ միայն Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւններու՝ այլ միւս բոլոր «սառեցուած» արձանագրութիւններու առջեւ դուռները բանալ է: Ամբողջական ծրագրով պիտի շարունակենք աշխատանքը»:
Թրքական «Իհլասոնտաքիքա» կայքէջի մէջ տեղադրուած Տաւուղթօլուի կարծիքով «Կովկասի մէջ հաստատուն խաղաղութիւն պիտի ապահովուի: Թուրք-ատրպեճանական եղբայրութիւնը պիտի շարունակէ զարգանալ «մէկ ազգ՝ երկու պետութիւն» կարգախօսի տրամաբանութեամբ»:
Ayo Davoodoghloo (Tavitian) chika Ooghloo grats azkanoone Hye chela,
aha amena metz pasde Turkyo goghme gadarvats HAYOTZ TZEGHASBANOOTYOUNE.
Yekek djeshmardoutyan yev artaroutyootian entoonetzek kortsatrats VODJIREE,
ousti oosh gam ganookh bidi khosdovanik, Kalov ARTSAKHI.badmagan yev azadakervats
yerkire Mek Zhoghovourt Yergou bedoutyoon havidian.yev hartze verch ae,
katzek Azerinoo hed pokhetzek nouyte.
Getze Hye Azkee
Getze HO.HE.TAN.
.