ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Այսօր համաշխարհային տնտեսական տագնապի, տագնապներու եւ պատերազմներու առկայութեամբ, ընդհանրապէս մարդիկ արդարացիօրէն յուսալքուած են եւ ընկճուած վատ լուրերու հեղեղէն։ Հայաստանն ու հայերը բացառութիւն չեն։
2010 թուականի սկիզբը, մինչ հայերը կը գնահատեն իրենց կացութիւնը, շինիչ է յետադարձ ակնարկ մը նետել նորաստեղծ Հայաստանի հանրապետութեան (1918-20) սոսկալի պայմաններուն վրայ։ Ներկայի Հայաստանի եւ առաջին հանրապետութեան մէջ կեանքի ցայտուն տարբերութիւնը, կարգ մը նմանութիւններու կողքին, յստակ կը դառնայ երբ կը կարդանք Հայաստանի առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաչազնունիի խայթիչ նամակը՝ ղրկուած Թիֆլիսի (Վրաստան) մէջ գտնուող իր կնոջ, Յունուար 1919ին։
Նամակը գրուած էր Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն կարճ ժամանակ մը ետք, մինչ Ցեղասպանութեան լքեալ վերապրողները, որոնք կը մահանային սովի կամ հիւանդութիւններու պատճառով, ենթակայ էին ցուրտ կլիմային, առանց անհրաժեշտ հագուստի կամ պատսպարանի։ Վարչապետին նամակը գրաւիչ փաստաթուղթ մըն է, որ կը պարունակէ դասեր այսօրուան հայերուն համար։
Քաջազնունի իր նամակը կը սկսի արտացոլացնելով իր սեփական հոգեվիճակի խանգարումը. «աչքերիս առաջ տեսնում եմ այն ժողովուրդը, այն հարիւր հազարաւոր մարդիկը, որոնց կառավարելը ինձ է վիճակուած. յիշում եմ, մտածում եմ եւ խելագառւում եմ ցաւից ու կսկիծից»։
Վարչապետը ցաւատանջ մանրամասնութիւններով կը նկարագրէ իր ժողովուրդին թշուառ վիճակը. «Ծայր աստիճան թշուառութիւն, ժողովուրդը հոգեվարքի մէջ է, հաց չունենք ուտելու, անօթի ենք, տուն չունենք ապրելու, մեր գիւղերը քանդուած ու աւերուած են, այս ձմեռ ժամանակ մնացել ենք բացօդեայ, փլատակների ու քարերի տակ, շոր չունենք հագնելու, մերկ ենք, սառում ենք ցնցոտիների մէջ, ուժասպառ ենք, հիւանդ, մահամերձ հիւանդ։ Բծաւոր տիֆը այնպիսի ծաւալ է ստացել, որ ստատիստիկան չի յիշում անցեալներում։ Երեւան քաղաքում, որ ունի 60-65 հազար ազգաբնակչութիւն, այսօր աւելի քան 2000 հիւանդ կայ, 30 մարդուց մէկը պառկած է՝ հիւանդ բծաւոր տիֆով։ Բժիշկներ չունենք, ֆելդշերներ չունենք, եղածներից կէսը հիւանդ պառկած է կամ մեռած, հիւանդանոցներ չունենք դեզինֆեկցիայի միջոցներ չունենք, վառելիք չունենք, որ բաղնիքները տաքցնենք, մարդկանց լողացնենք, ոջիլներից ազատենք, սապոն չունենք, որ լուացք անենք (ֆունտը 15-20 ռուպլի է), փող չունենք, մեր փողերը վրացիք ձերբակալել են Թիֆլիսում, հաղորդակցութեան միջոցներ չունենք, երկաթուղագիծերը աւերուած են եւ սայլեր չենք կարող բանեցնել, որովհետեւ ձիերը սատկում են անօթութիւնից, իսկ եզները մորթում են ուտելու համար»։
Ծայր աստիճան թշուառութիւն ունենալով, Քաջազնունին կը հաւատայ, թէ հայերը կարող եղան վերապրելու ամէն տեսակի պայմաններու մէջ տոկալու իրենց անսահման կարողութեան շնորհիւ միայն։ «Մեր զօրքերը, որ Լոռիում այդպէս քշեցին վրացիները, մերկ են ու քաղցած։ Պետական որբանոցներում 10000ից աւելի որբ ունենք, որոնց կիսաքաղց գոյութիւնը պահպանելու համար օրական 100 ռուբլի է պահանջւում, մօտ 300 հազար տնաւէր գաղթականութիւն ունենք, որոնք մեռնում են մեր աչքի առաջ եւ որոնց ոչ մի օգնութիւն չենք կարող անել, Պետական մեխանիզմը չենք կարող կարգի բերել, որովհետեւ միջոց չունենք վարձատրելու։ Ընդհանուր թշուառութեան վրայ աւելանում է նաեւ կաշառակերութիւն, գողութիւն, թալան, աւազակութիւն, շանթաժ, որոնց դէմ հնարք չունենք կռուելու»։
Ան կը շարունակէ բացատրել վրացիներուն եւ թուրքերուն հետ տեղի ունեցող բախումներուն պատճառած բարդութիւնները։ Ան կը նշէ, թէ «Վրաստանը իր անվերջ լրբութիւններով մեզ ստիպեց պատերազմի դիմել, մի բան, որից ամէն կերպ աշխատում էինք մենք խոյս տալ… Մի կողմից, մենք չենք կարող ամէն տեղ զիջել, ամէնքի առաջ խոնարհուել, համբերել ու ետ նահանջել, որովհետեւ դրանով մեծապէս վտանգում ենք մեր պետութեան ապագան, մեր քաղաքական դրութիւնը, մեր ինքնութիւնը, մեր ազատութիւնը- այն ամէնը, որի համար այդքան ահռելի զոհեր ենք տուել, այդքան գերմարդկային ճիգեր ենք թափել, դարերով եւ սերունդներով ապրել ենք, միւս կողմից ուժասպառ ենք այն աստիճան, որ ի վիճակի չենք շարունակել կռիւը, դիմադրել, դիմանալ, նոր զոհաբերութիւններ անել։ Իսկ արտաքին օգնութիւնը (Ամերիկայի կամ Անգլիայի կողմից), որի վրայ դրել ենք մեր ամբողջ յոյսը, դանդաղում է, չի արտայայտում իրեն շօշափելի ձեւով»։
Ապա վարչապետը կը գանգատի կառավարութեան պաշտօնատարներուն ներառեալ իր կազմի «տաղանդի պակասին եւ անփորձառութեան» մասին, եւ ցաւ կը յայտնէ «ներքին անհամաձայնութեան, անվստահութեան, անտակոնիզմի, նոյնիսկ փոխադարձ ատելութեան» համար։ Ան կը նկարագրէ իւրաքանչիւր նախարարի տկարութիւնները, նոյնիսկ անոնցմէ մէկը ամբաստանելով ինքզինք հարստացնելու հետամուտ ըլլալով։ Անոր նախարարներէն շատեր կա՛մ մահամերձ են կա՛մ լրջօրէն հիւանդ կա՛մ ալ երկիրը ձգած են կարճ ճամբորդութեան մը համար, բայց շաբաթներէ ի վեր չեն վերադարձած։ Ապա ան յուսահատութեամբ կը խօսի իր կառավարութեան սնանկութեան մասին. «Պետական սնտուկը դատարկ է… Մեր փողերը մնացել են Թիֆլիս, վրացիների ձեռքում, իսկ որբերին պէտք է պահել, քաղցածներին պէտք է հաց բաժնել, հիւանդներին պէտք է բժշկել, ծառայողներին պէտք է ռոճիկ տալ, պէտք է, բայց ո՞րտեղից տանք։ Որ մտածում եմ, գլուխս պտոյտ է գալիս»։
Նախքան իր նամակը փակելը Քաջազնունին ինքզինք կը մխիթարէ այն յոյսով, թէ՝ «արշալոյսը մօտ է»։ Ան կոչ կ՛ուղղէ հայերուն, թէ՝ «Պէտք է միայն դիմանալ, պէտք է հաւաքել ուժերի ամբողջ մնացորդը, պէտք է վերջին ճիգը անել եւ ոտքերի վրայ կանգնած մնալ։ Ասում եմ այսքան զոհ տուել ենք արդէն, այսքան արիւն եւ արցունք թափել, այսքան տներ աւերել, այսքան վառ օճախներ հանգցրել, պէտք է, որ այս բոլորը գտնի իր վարձատրութիւնը։ Ոչ մեզ համար, այլ մեր որդկերանց համար, թեկուզ էլի 10 հազար մարդ կոտորուի, ես էլ նրանց հետ, բայց գոնէ նրանք, որոնք ողջ կը մնան, մի օր տեսնեն, ազատ շունչ քաշեն, մարդավայել կեանքով ապրեն։ Եւ այդ կը լինի, այդ մօտ է լինելու»։
Անհաւատալիօրէն, հակառակ անտանելի դժուարութիւններուն, Քաջազնունի կը տեսնէ փայլուն ապագայ մը. «Հինգ տարի առաջ Հայաստանը լոկ աշխարհագրական տերմին էր, իսկ իբրեւ քաղաքական միաւոր՝ հեռաւոր երազ էր, որի մասին ամենայանդուգն մտքերն անգամ չէին համարձակւում բարձր խօսել։ Այսօր Հայաստանի հանրապետութիւնը փաստ է արդէն։ Թող որ այդ հանրապետութիւնը փոքր ու աղքատ լինի, թող ժողովուրդը ենթարկուած լինի սովի ու համաճարակի, դա անցողակի բան է։ Փաստը արդէն կատարուել է, եւ չկայ աշխարհիս երեսին այն ոյժը, որ կարողանայ բնաջինջ անել պատմութեան էջերից կատարուած փաստը: 500 տարի ստրուկ լինելուց յետոյ, մի ժողովուրդ վերածնւում է ազատ եւ ինքնուրոյն կեանքի համար»։
Հայաստանի առաջին վարչապետը ապա հպարտօրէն կը պատմէ հանրապետութեան հաստատումը, անոր տարածքներուն ընդարձակումը եւ թրքական զօրքերուն քաշուիլը։ «Մեծ պետութիւնները ճանաչել են մեզ իբրեւ պատերազմող կողմ եւ տեղ են տուել մեր պատուիրակներին համաշխարհային քոնկրէսի մէջ։ Մեծ տէրութիւններ պաշտօնական յարաբերութիւնների մէջ են մեզ հետ, մեզ մօտ ներկայացուցիչներ են ուղարկում, մեզ թղթեր են գրում՝ ուղղուած «Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութեան, մինիստր-նախագահին եւ արտաքին գործերի մինիստրին»»։
Մինչ այսօրուան Հայաստանի պայմանները անբաղդատելիօրէն աւելի լաւ են քան Քաջազնունիի ժամանակ, վերջապէս ինիսուն տարիներ անցած են այդ օրէն, հայ ժողովուրդը իսկապէս արժանի է կեանքի աւելի բարձր չափանիշի մը։ Անոնց մեծամասնութիւնը տակաւին զուրկ կը մնայ հիմնական կարիքներէ։
Սակայն տնտեսական դժուարութիւններով եւ արտաքին վտանգներով հանդերձ, հայերուն վերապրելու կամքը փորագրուած է անոնց «Տի.Էն.Էյ.»ին մէջ… Հազարամեակներ շարունակ անոնք ենթարկուած են գրաւման, կողոպուտի, պատերազմներու, ջարդերու եւ նոյնիսկ ցեղասպանութեան եւ տոկացած են։ Այսօրուան դժուարութիւնները եւս պիտի անցնին… Հայերը ոչ միայն պիտի վերապրին, այլեւ՝ բարգաւաճին…
«Քալիֆորնիա Քուրիր»ի Խմբագիր
tchem kider te haroutioun’e achagerdets Simonine(Simonian) té votch
vorovhedev ge sirem yerpemnie mer “Spurk”i ir katch vodj’e