ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան 2009ը համարած է կորուստներու տարի իսկ 2010ի յաջողութիւնները պայմանաւորած՝ միմիայն մեր դիւանագիտութեան յստակ մօտեցման որդեգրումով։ Անոր հաւաստումով՝ պէտք է յայտարարել, որ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը չի խոչընդոտեր հայ-թրքական բանակցութիւնները, եւ որ 2010ին ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը շարունակելու համար նախ պէտք է հասկնալ, թէ ի՞նչ տուաւ 2009ը ու ի՞նչ խլեց հայութենէն:
ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանի կարծիքով՝ ճանաչման գործընթացը վտանգուած չէ այլ պիտի շարունակուի՝ ըստ իրեն նոր յաջողութիւններով:
Ըստ Կիրօ Մանոյեանի 2009ին ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը կը դիտարկէ հայ-թրքական (փրօթօգոլի) արձանագրութիւններու ստորագրման ծիրէն ներս։ Ան կը վստահեցնէ, որ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար նշեալ արձանագրութիւնները ոչ մէկ օգուտ տուին, ընդհակառակը՝ յարմար պատրուակ դարձան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի համար՝ չկատարելու նախաընտրական իր խոստումը. ամենամեայ ապրիլեան ուղերձին մէջ ան խուսափեցաւ ցեղասպանութիւն բառի օգտագործումէն:
Մանոյեան միջազգային ճանաչման գործընթացի շարունակութիւն չի համարեր արձանագրութիւններու նախաստորագրումէն յետոյ ԱՄՆ Ծերակոյտին ներկայացուած ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը: «Նախաձեռնութիւնն արձանագրութիւնների դէմ էր ուղղուած», կ՛ըսէ ան եւ կ՛աւելցնէ, «Փաստաթղթերի ստորագրումը նոր դժուարութիւններ առաջացրեց դրսում աշխատող հայկական կազմակերպութիւնների համար, քանի որ ցեղասպանութիւնը ճանաչել-չճանաչելու հարցում չկողմնորոշուած երկրների համար պատրուակ դարձան Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները»:
Դաշնակցութեան բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Թուրքիոյ հետ երկխօսելու անհրաժեշտութիւնը չի մերժեր, «Պարզապէս մեր դիւանագիտութիւնը պէտք է յստակ յայտարարի, որ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչմանը բանակցութիւնները չեն խանգարի», իր կարծիքը կը հաստատէ ան:
Արձանագրութիւններու վաւերացումէն ետք Մանոյեան Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտ շեշտադրումներու փոփոխութիւն կը նկատէ, բայց կը կարծէ, որ անիկա պէտք աւելի շուտ ըլլար. «հիմա շատ բան կորցրեցինք», կ՛ըսէ ան:
«Եթէ մեր դիւանագիտութիւնը ցեղասպանութեան ճանաչումը համարի ազգային անվտանգութեան խնդիր, իրենց գործունէութեան մէջ աւելի շատ յաջողութիւններ կունենան ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները», կը յայտնէ Կ. Մանոյեան, ըստ որուն Հայ Դատի գրասենեակը այժմ կ՛ուսումնասիրէ խնդրի իրաւական հետեւանքները, կը մտածէ ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցին նուիրուած հանդիսութիւններու մասին՝ անկախ հայ-թրքական արձանագրութիւններու հնարաւոր վաւերացումէն ու անոնց արդիւնքէն:
ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան, սակայն, չ՛ընդունիր Մանոյեանի պնդումները: Ըստ իրեն հայ-թրքական արձանագրութիւնները չեն խոչընդոտած կամ չեն վիժեցուցած ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը, ԱՄՆ Ծերակոյտին մէջ ցեղասպանութեան վերաբերեալ պատրաստուած բանաձեւի նախագիծը ան կը համարէ ոչ թէ բողոքի նշան՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն, այլ՝ ճանաչման գործընթացի շարունակութիւն:
Ռուբէն Սաֆրաստեան կը նշէ նաեւ այլ՝ ցաւալի հանգամանք մը. ցեղասպանութիւնը այլ երկիրները կը ճանչնան տուեալ պահուն ձեւակերպուած իրենց շահերէն, «այնպէս որ, դա կապ չունի հայ-թուրքական յարաբերութիւնների ներկայ փուլի առանձնայատկութիւնների հետ: Շատ քիչ են դէպքերը, երբ ցեղասպանութեան ճանաչման կամ դատապարտման մասին բանաձեւ է ընդունւում՝ ելնելով պատմական արդարութեան ու բարոյականութեան սկզբունքից», կ՛ըսէ Ռ. Սաֆրաստեան եւ կը փորձէ համոզել, որ արձանագրութիւններուն ստորագրումը կը նշանակէ, որ Թուրքիան զանոնք դրական կը համարէ եւ կ՛ուզէ յարաբերութիւնները կարգաւորել Հայաստանի հետ:
«Միւս կողմից տեսնում ենք այդ արձանագրութիւնների տառից չբխող յայտարարութիւններ, խորհրդարանի չգործունէութիւնն էլ բերել է գործընթացի դանդաղեցման կամ գուցէ վիժեցման: Թուրքական դիւանագիտութեան խաղ է, ցանկանում են զիջումներ կորզել Հայաստանից», կ՛ըսէ Ռուբէն Սաֆրաստեան, որուն համար արձանագրութիւններու ստորագրման փաստը կը խօսի Հայաստանի հետ յարաբերելու Թուրքիոյի ցանկութեան մասին: