ԵՐԵՒԱՆ,– Հայաստանի նախագահ՝ զինուած ուժերու (ԶՈՒ) գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան Յունուար 6ին ունեցած է հերթական աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ երկրի պաշտպանական գերատեսչութեան հետ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին ամփոփուած են 2009ին կատարուած աշխատանքները, քննարկուած են ՀՀ բանակի մարտական պատրաստուածութեան, զինուած ուժերու յետագայ զարգացման եւ կատարելագործման ուղղութեամբ 2010ի ընթացքին ծրագրաւորուած աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր, եւ ԶՈՒ գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սար-գսեանի կողմէ տրուած են համապատասխան յանձնարարութիւններ:
Պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեան զեկուցած է, որ «մեր զինուած ուժերը պատրաստ են լուծելու իրենց առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները եւ կասեցնելու մեր երկրի դէմ ռազմական ագրեսիայի (յարձակումի-Խմբ.) ցանկացած փորձ»: