ԼԻՈՆ, ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսական ատեան մը մերժած է Վիլէօրպանի քաղաքապետ Ժան Փօլ Պրեթի դէմ բողոքագիրը, որ ներկայացուած էր թրքուհիի մը կողմէ, որ անցեալ տարի ետ քաշած էր Լիոնի այդ շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններէն իր թեկնածութիւնը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումէն բխած գայթակղութենէն ետք:
Թրքուհին՝ Սըրմա Օրան Մարցը, իր բողոքագրին մէջ կը պնդէր, թէ ինքը Պրեթի կողմէ դրուած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը հրապակաւ ճանչնալու անարդար ճնշումի տակ։
Ատեանը նաեւ 1850 եուրօ տուգանքի ենթարկեց Օրանին՝ բողոքագիր ներկայացնելու իրաւունքը չարաշահելուն համար։
Ատեանին այս որոշումը դատապարտելով, Օրան Մարց բացատրեց, թէ դատարանին վճիռը ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Ֆրանսայի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերուն եւ Ֆրանսայի մէջ բնակող թուրքերուն վրայ։
Սըրմա Օրան Մարց դուստրն է փրոֆ. Պասքըն Օրանի, որ Թուրքիոյ մէջ արշաւ կը տանի թուրքերու եւ հայերու միջեւ հաշտութիւն գոյացնելու համար։
Մարց, որ «ամօթալի» որակած է դատավճիռը, որոշած է առաջին հերթին Ֆրանսայի եւ ապա Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մէջ վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու դիմումներ կատարել:
Հինգշաբթի օրուան «Հիւրրիյէթ»ին մէջ, Սըրմա Օրան Մարց ցաւ կը յայտնէ, թէ ժողովրդավարական սկզբունքներուն հաւատացող թուրքերը ու Թուրքիոյ հայերը զօրակից չեն կանգնած իր տեսակէտներուն։ Ան կը յայտնէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան շուրջ բանավէճը հարց մըն է, որ պէտք է լուծուի միայն Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ՝ առանց երրորդ երկիրներու միջամտութեան։
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշներ եւ արդարադատութեան նախարար Միշել Ալիօ Մարի ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ ստորագրած են յօդուած մը, որուն մէջ կը յայտնեն, թէ Ֆրանսայի մէջ պիտի ստեղծուի ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու հարցերով զբաղող դատարան մը։
«Ֆրանսան երբեք ցեղասպանութեան, պատերազմի ոճիրներու կամ մարդկութեան դէմ ոճիրներու հեղինակներու ապաստանարան պիտի չըլլայ», յայտարարած են անոնք։
«Աշխարհը իրաւունքը ունի մոռացութեան վտագին դէմ պաշտպանուելու», կը գրեն նախարարները, որոնք նաեւ կը նշեն, թէ այս քայլով Ֆրանսա վճռակամ կերպով կը զինուորագրուի անպատժելիութեան դէմ պայքարին։ «Միայն արդարութիւնը, ճշմարտութիւնը ի յայտ բերելով, բոլորին պիտի արտօնէ էջը դարձնել», կը յայտարարեն անոնք։
Այս հարցով խորհրդարանին կողմէ օրակարգի պիտի բերուի նոր տարուան առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին։ Նախարարները դիտել տուին, որ ցեղասպանութեան հեղինակներ կամ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն կատարողներ անպայման պէտք է դատուին ու պատժուին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Asiga tragan zarkatsum men e kani vor aratci ankamn e vor tadavarutyan me goghme tseghasbanutyune vaveratsvadz e yev aratci ankamn e vor tseghasbanutyune herkogh me badjevadz e.Tadavarutyan ays voroshume “orinak” me bidi ella asge vertci tadavarutyunnerun yev tadakhazeru voroshumnerun.
meg’ e mussiin hed gab tchouni
kristosi hayrenagitsner’e chad lav kiden te intch gouzen