Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Նիհարնալու Առաւել Դիւրին Միջոցներ- 11 փոքր միջոցներ, որպէսզի կարենաք դիւրութեամբ կշիռք կորսնցնել
Եթէ շատ ուշադիր էք ձեր կշիռքին եւ կը հաշուէք իւրաքանչիւր ջերմուժ (calorie), նաեւ ձեր սննդականոնին համար որդեգրած էք օրական 1600ի սահմաններու մօտ ջերմուժի սպառում, ապա ձեզի կ՛առաջարկենք կարգ մը միջոցներ, որպէսզի օգնէ ձեր աշխատանքին աւելի արդիւնաւէտ ըլլալուն:
1- Երբ ձեզի կ՛առաջարկուի բիցայի կտոր մը անոր վրայի իւղը կրնաք ցամքեցնել թուղթէ թաշկինակով։ Այսպիսով մօտաւորապէս մէկ տարուան մէջ գաւաթի մը համազօր իւղէ պիտի ձերբազատուիք, որ երբեք պիտի չփափաքէիք ուտել կամ «հագնիլ»:
2- Աւելի շատ կաթ խմեցէք։ Օրական մօտաւորապէս 1800 միլիկրամ գալսիում օգտագործեցէք. այդ ձեւով կրնաք իւղի ներծծման քանակը նուազեցնել մօտաւորապէս 80 ջերմուժի չափ։ Ձեր բաժակը լեցուցէք կաթով, խմելէն ետք աւելցուցէք ձեր սուրճը եւ անուշ ըլլայ։
3- Մաքրուած եւ ջարդուած բանջարեղէն գնեցէք։ Եթէ կը գանգատիք ժամանակի պակասէն եւ կարիքը կը զգաք պատառ մը ուտելու, անիկա երբեմն կրնայ ըլլալ ոչ օգտակար։ Ուրեմն կանխելու համար նախապէս գնեցէք այն բանջարեղէնները, որոնք պատրաստ են ուտուելու՝ մաքուր եւ ջարդուած։
4- Օրական երկու լիթր ջուր խմեցէք։ Ըստ գերմանական ուսումնասիրութեան օրական 2 գաւաթ պաղ ջուրը շուրջ 25 ջերմուժ կը վատնէ։ Տարեկան կրնաք 5 բաունտ կորսնցնել պարզապէս օրական երկու լիթր ջուր սպառելով ըստ գերմանական ուսումնասիրութեան։ æուրը 72 աստիճանէն բարձր պէտք չէ ըլլայ։
5- Աւելի փոքրացուցէք ձեր օգտագործած պնակները։ Սովորութեան վերածեցէք աղցանի պնակին մէջ դնել ձեր ընթրիքը, այդպիսով վարժութիւն կ՛ըլլայ միշտ աւելի նուազ ուտել եւ կշտանալ։
6- Եթէ օշարակ կը խմէք անպայման վրան ջուր աւելցուցէք, որպէսզի նուազ ջերմուժ սպառէք։
7- Խուսափեցէք diet խմիչքներէն, անոնց փոխարէն օգտագործեցէք լոլիկի հիւթ կամ ուրիշ նուազ ջերմուժով խմիչք մը։
8- Փոքր պատառիկներու համար պատրաստեցէք քանի մը տեսակ լուբիա եւ անոր վրան դրէք իտալական թացան ու ամբողջ շաբաթը սպառեցէք զայն անվախօրէն։
9- Կերած ատեն ուրիշ բանի մասին մի մտածէք։ Երբեք կերած ատեն ուրիշ գործ մի ընէք, դիտել կամ կարդալ եւ կամ աշխատիլ։ Միայն կերէք. ուտելու եւ մարսելու մասին մտածեցէք, որպէսզի հանգիստ ուտէք եւ մարսէք։
10- Առանց մտածելու մի ուտէք։ Երբ կը զգաք թէ պիտի ուտէք եւ շատ, ուրեմն երբեք մի շուարիք, ճաշ պատրաստած ժամանակ ձեր բերանը դրէք ուժեղ համով ծամոն՝ կասիայի համ ունեցող տեսակէն եւ հեռու մնացէք այդ փորձութենէն։
11- Ձեր գօտին ամրացուցէք։ Ամէն անգամ որ ուզէք ուտել ոչ յարմար ատենին կամ ոչ յարմար ուտելիքները, ձեր գօտին ամրացուցէք այն տեղը կամ այն չափը, որ կ՛ուզէք ըլլալ։