ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան առիթով մեր տուներուն մէջ զարդարուած ծննդեան տօնածառերուն տակ, բարեպաշտ ընտանիքներու հինէն եկող սովորութեան համաձայն մսուր կը յարդարենք: Ոմանց համար մսուրը այնքան աւելի մեծ նշանակութիւն ունի տօնածառէն, որ անոնք երբեմն զանց կ՛առնեն տօնածառ զարդարել, բայց բնաւ չեն մոռնար մսուր մը յարդարել, որուն մէջ հանգչի ու տան մէջ քառասուն օրեր հիւր դառնայ մանկացեալ Փրկիչը՝ Յիսուս:
Այնպէս ինչպէս Մատթէոս Աւետարանիչ կը պատմէ, Արեւելքէն երեք իմաստուն մարդիկ՝ մոգեր կու գան Հրէաստան, առաջնորդութեամբ այն աստղին՝ զոր կը տեսնեն երկնակամարին վրայ: Այդ աստղն է որ կը տանի զիրենք դէպի այն վայրը, ուր ծնած էր նորածին Արքան համայն տիեզերքի:
Ինչքան պարզ, ու միանգամայն ինչքան սրտառուչ է այն զրոյցը, որ անոնք կ՛ունենան Հերովդէս արքային հետ, որ խաբեբայութեամբ կ՛ուզէր իմանալ մանուկին գտնուած տեղը, երթալու եւ իբրեւ թէ երկրպագելու անոր: Սակայն մոգերը, գտնելէ ետք երկնաւոր Մանուկը, իրենց ընծաները կը մատուցեն Անոր, ու այլ ճամբով կը վերադառնան իրենց երկիրը, այնպէս ինչպէս իրենց կը պատուիրէ հրեշտակը:
Հին ժողովուրդներու մօտ աստղաբաշխութիւնը ծանօթ գիտութիւն մըն էր, որ իրեն յատուկ մասնագէտներ ունէր՝ մոգերը: Անոնք այդ օրերու աստղագէտներն էին: Երկնակամարը դիտելով, աստղերու հոյլերուն դիրքն ու անոնց իրարու հետ ունեցած մերձաւորութիւնն ու հեռաւորութիւնը ուսումնասիրելով, անոնք որոշ գուշակութիւններ կը կատարէին գալիքին մասին:
Աստղը նաեւ իւրաքանչիւր մարդու կեանքին խորհրդանշան իբրեւ ընդունուած է հինէն ի վեր: Աստղի մը երեւումը երկնակամարին վրայ, մարդու մը ծնունդը կը խորհրդանշէր, իսկ անոր անկումը, շիջումը կամ անյայտացումը՝ մարդու մը մահը:
Այս աւանդութիւնը նաեւ մինչեւ վերջին տարիներ, սովորութիւնն էր պատերազմական իրավիճակէ դուրս եկած ժողովուրդներու: Անոնք խաւաքարտէ շինուած փայլուն աստղեր կը փակցնէին այն տուներուն դռներուն վրայ, որոնց զաւակը զոհուած էր բանակային իր ծառայութեան ընթացքին, հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական ծառայութեան ճամբուն վրայ:
Կը պատմուի թէ համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, վերապրած մանուկ մը, իր հօր հետ իրենց աւերուած քաղաքին թաղերէն կ՛անցնէր, եւ կը տեսնէ թէ կարգ մը տուներու դռներուն փայլուն աստղեր փակցուած են: Այդ մասին հարցնելով իր հօր, կը սորվի, թէ այդ ընտանիքները իրենց զաւակը զոհաբերած ըլլալով ժողովուրդին պաշտպանութեան, ստացած էին այդ փայլուն աստղերը բանակի հրամանատարութեան կողմէ:
Կը պատահի նաեւ, որ թաղի հոգեւոր հովիւը, ժողովուրդին հոգեկանը բարձրացնելու համար, թաղին անկիւնը Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով հսկայ մսուր մը կը յարդարէ: Ուշիմ մանուկը իր հօր հետ այնտեղ հասնելով, երբ մսուրին վրայ դրուած փայլուն աստղը կը տեսնէ, հարց կու տայ ըսելով թէ հապա այդ աստղը ինչո՞ւ համար է: Հայրը կը պատասխանէ. «Որովհետեւ Աստուած ալ իր Որդին աշխարհ ղրկելով պիտի զոհէր համայն մարդկութեան համար…»:
Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրը բազմաթիւ խորհուրդներ ունի, որոնցմէ շատեր մեզի ծանօթ չեն: Ճիշդ է, Աստուած մարդկութիւնը փրկելու համար մինչեւ իսկ իր Որդիին չխնայեց, սակայն, Յիսուսի Ծնունդէն, Խաչելութենէն ու Յարութենէն ետք, Աստուած բազմաթիւ այլ կերպերով յառաջ կը տանի իր փրկագործական ծրագիրը:
Առաքեալը կ՛ըսէ, որ տունի մը մէջ միայն ոսկիէ ու արծաթէ անօթներ չեն ըլլար, այլ նաեւ փայտէ ու կաւէ անօթներ: Յստակ է, որ առաջինները թանկագին են, իսկ միւսները անարժէք: Արդ, ով որ ինքզինք մաքրէ՛ մեղքերէ, Տիրոջ համար թանկագին անօթ մը կը դառնայ, մաքուր եւ պատրաստ ամէն տեսակ բարի ծառայութիւն մատուցելու (Հմմտ Բ.Տմ 2.20): Եթէ մենք պատրաստ ըլլանք հոգիով ու սրտով, չենք գիտեր թէ Աստուած ե՞րբ եւ ի՞նչ ձեւով մեզ պիտի օգտագործէ իր փրկագործական ծրագրին համար: Մենք յաճախ չենք անդրադառնար, թէ Աստուած ի՞նչ ձեւով կ՛օգտագործէ մեզ, Իր այս ծրագրին համար: Իբրեւ մարդիկ մենք երբեմն ուրիշ նպատակներ կ՛ունենանք, ու տարբեր հայեացքով կը նայինք կեանքին: Երբեմն նիւթական ու բարոյական ինչպիսի՛ զոհողութիւններ կը կատարենք, մեր նպատակներուն հասնելու համար: Սակայն միշտ չէ՛ որ մեր ծրագիրները համապատասխան կ՛ըլլան Աստուծոյ ծրագրին: Մենք ինչ ալ մտածենք ու ծրագրենք, կը տեսնենք որ եթէ անոնք բարի են, Աստուած կ՛իրականացնէ զանոնք, սակայն Ի՛ր ձեւով եւ ո՛չ թէ մեր մտածած կերպով: Յաճախ կը մոռնանք, որ Աստուած Ի՛նք է մեր առաջնորդը այս կեանքի մէջ, Ի՛նք է մեր կեանքի նաւուն քաջ նաւապետը, որ գիտէ ալեկոծ ծովուն մէջ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդել մեր կեանքին նաւը: Կը բաւէ միայն վստահիլ Անոր խորհուրդներուն, ու բռնել Անոր ձեռքէն:
Լսեցէք սա աւանդապատում առակը երեք ծառերու խօսակցութեան, որոնք բլրան մը կատարին հասակ առած, իրենց ապագան գուշակելով, երազներ կը հիւսէին իրենց տալիք փայտին ճակատագիրը ճշդելով:
Անոնցմէ առաջինը միւս երկուքին կ՛ըսէր, թէ իր երազն է որ իր փայտով թանկարժէք գանձերու յատուկ տուփ մը պատրաստուէր, որուն մէջ ամէն տեսակ ազնիւ մետաղներով շինուած իրեր ու գոհարեղէններ դնէին մարդիկ: Ան կ՛ըսէր նաեւ, որ նման տուփ մը, ինչքան գեղեցիկ թանկարժէք քարերով պիտի զարդարէին մարդիկ:
Երկրորդ ծառը միւս երկուքին կ՛ըսէր, թէ իր երազն է, որ իր փայտով արքայական հսկայ զբօսանաւ մը շինուէր, որ իր մէջ թագաւորներ առնելով ծովերու ու լիճերու վրայ զբօսնելու տանէր զանոնք:
Իսկ երրորդ ծառը միւս երկուքին կ՛ըսէր, որ ինք չէր ուզեր կտրուիլ, այլ կ՛ուզէր այնքան երկննալ ու հասակ առնել, որ կարելի եղածին չափ երկինք հասնէր ու Աստուծոյ մօտ ըլլար միշտ:
Եւ ահա փայտահատներ կը բարձրանան այդ բլուրը: Առաջին ծառին կը մօտենան ու զայն կտրելով ո՛չ թէ գանձերու արկղ կը շինեն, այլ՝ կենդանիներու կեր իբրեւ յարդ դրուելիք աման մը: Սակայն նոյն այդ ամանը, իր փայտէն շինուած, պիտի ըլլար աշխարհի գանձը՝ Յիսուս Մանուկը պարփակող մսուրը, իջեւանի չգոյութեան բերումով:
Երկրորդ ծառը կտրելով, փայտահատներէ անկէ կը պատրաստեն ո՛չ թէ արքայական զբօսանաւ մը, այլ՝ ձկնորսի խեղճուկ մակոյկ մը՝ նաւակ մը, ճիշդ այն նաւակը, որուն մէջ օր մը աշխարհի Թագաւորը՝ Յիսուս, բարձի մը վրայ գլուխը դրած պիտի քնանար, ու ապա արթննալով, իբրեւ տիեզերքի Արարիչ, պիտի խաղաղեցնէր հովն ու ծովը:
Երրորդ ծառին մօտենալով, փայտահատները տեսնելով անոր շատ դիմացկուն ըլլալը, կը կտրեն ու մէկդի կը դնեն, ապագային որոշելու համար թէ ի՛նչ պիտի շինեն անոր փայտէն: Եւ ահա անոր փայտէն պիտի շինուէր Յիսուսի խաչը, որ Գողգոթայի բարձունքին կանգնելով, երկրէն մինչեւ երկինք ճամբայ պիտի դառնար, պիտի հասնէր մինչեւ երկինքի դռները, մեղաւոր մարդկութիւնը առաջնորդելու ու վերադարձնելու համար առ Աստուած:
Եւ երեք ծառերը այն ատեն հասկցան, թէ իրենց երազները իրականացած էին, բայց ոչ այնպէս ինչպէս իրենք կը պատկերացնէին, այլ՝ այնպէս ինչպէս Աստուած Ի՛նք յարմար դատած էր:
Մենք ալ յաճախ մարդկայնօրէն կը նայինք մեր կեանքին մէջ պատահող դէպքերուն, սակայն Աստուծոյ ծրագիրը տարբեր է միշտ: Ան գիտէ՛ թէ ի՞նչը յարմար է մեզի այս կեանքին մէջ, եւ ինչը՝ անյարմար ու վնասակար:
Թող Բեթղեհէմի Աստղը լուսաւորէ մեր միտքն ու հոգին, որպէսզի տեսնենք Աստուծոյ առաջնորդութիւնը, եւ հետեւինք իր մատնացոյց ըրած ճանապարհին, Ս. Ծննդեան խորհուրդով զօրանանք, ու շարունակենք մեր Քրիստոնէական կեանքը: