ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Յունուար 7ին, Թուրքիա այցելող Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերվել հանդիպում մը ունեցաւ իր պաշտօնակից Ահմետ Տաւութօղլուի հետ, քննելով երկկողմանի յարաբերութիւնները սերտացնելու առնչուող, ինչպէս նաեւ միջազգային շարք մը հարցեր: Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ նկատելի յաջողութիւն համարուեցաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ Անգարայի մէջ կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Գերմանիա հաւատարիմ պիտի մնայ Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու ի նպաստ կատարած իր նախկին խոստումին։ Այս հաստատումը աւելի կարեւոր կը դառնայ, եթէ նկատի ունենանք, որ Գերմանիոյ նախորդ կառավարութիւնը, Ֆրանսայի կողքին, մէկն էր այն երկու երկիրներէն, որոնք ամենայստակ կերպով դէմ եղած են Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութեան։ Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքել պաշտօնի գլուխ գալէն ի վեր կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ Թուրքիա Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ չի կրնար ըլլալ, այլ պէտք է ըլլայ անոր «առանձնաշնորհեալ գործընկեր»ը։
Սակայն Հինգշաբթի օր Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը տարբեր ոճով խօսեցաւ։ Ան ըսաւ, որ Գերմանիոյ մէջ իր ըրած խօսքին հաւատարիմ մնալու աւանդութիւն մը կայ, «ինչ որ խոստացած ենք, կը կատարենք»։ Այս խօսքը արտասանուած էր Թուրքիոյ անդամակցութեան առնչութեամբ եւ երբ լրագրողները հարցուցին, թէ ուրեմն վարչապետ Մերքելի առանձնաշնորհեալ գործընկերութեան առաջարկը ի զօրու չէ՞ր այլեւս, Վեսթերվել տուաւ հետաքրքրական պատասխան մը. «Ես հոս կարճ տաբատ հագած զբօսաշրջիկի հանգամանքով չէ որ կը գտնուիմ, ես հոս կը խօսիմ որպէս Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը։ Ինչ որ կ՛ըսեմ այստեղ, այդ է որ ի զօրու է»։
Հիւր արտաքին գործոց նախարարը նաեւ դրուատեց Թուրքիոյ աշխոյժ արտաքին քաղաքականութիւնը եւ ըսաւ որ աշխարհի տագնապներուն լուծման գործին մէջ Թուրքիա եւս ունի իր կարեւոր դերակատարութիւնը։
Թրքական մամուլը կ՛ընդգծէ, որ Գերմանիոյ նախարարը Անգարայի մէջ սպասուածէն շատ աւելի դրական արտայայտութիւններ ունեցաւ Թուրքիոյ մասին, գոհունակութիւն պատճառելով արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուին, որ լրագրողներուն յայտնեց, թէ շուտով պիտի գործադրուի երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական երկխօսութեան դրութիւն մը։ «Մօտ օրէն պիտի բացուի թուրք-գերմանական համալսարան մը», աւելցուց ան։
Գերմանացի նախարարը յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակելը Գերմանիոյ համար շատ նպաստաւոր է։
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննած են նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման կարելիութիւնները եւ այդ նպատակին համար տարուող աշխատանքները:
«Տարածաշրջանի զարգացման հարցերը, Աֆղանստանը, Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթաց, Իրանի հիւլէական ծրագիրը, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման փորձերը, ղարաբաղեան հիմնահարցը հանդիպման օրակարգին վրայ էին», յայտնեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, խորհրդակցութեանց աւարտին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը Թուրքիոյ մէջ իր խորհրդակցութիւնները շարունակեց Ուրբաթ օր, հանդիպումներ ունենալով Եւրոմիութեան հետ Թուրքիոյ բանակցութիւններուն պատասխանատու պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշի եւ շարք մը այլ պաշտօնատարներու հետ: