ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Արնոլտ Շուարզնեկըր Չորեքշաբթի, Յունուար 6ին Մեծն Ֆրեզնոյի փառատօնի խորհուրդին անդամ նշանակեց 56ամեայ Ռանըլտ Պարսամեանը, որ հողագործական եւ իրաւաբանական զանազան հիմնարկներու մէջ պաշտօնավարած է 1978էն ի վեր:
Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Պարսաամեանին այս նշանակումը պէտք չունի Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին վաւերացման: