ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Յունուար 2, 2010ին, Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ եղան ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան եւ խորհրդական Նովա Հինտոյեան, ինչպէս նաեւ աւելի քան 300 անդամուհիներ եւ հիւրեր:
Տարեկան այս ձեռնարկը յատուկ խանդավառութիւն մը ունէր ո՛չ միայն անոր համար, որ տարբեր մասնաճիւղերէ, մինչեւ Սան Ֆրանսիսքոյէն եւ Ֆրեզնոյէն, ընկերուհիներ եկած էին, ո՛չ միայն անոր համար, որ սրահի տօնական զարդարանքը ու երաժշտութեան դիւթիչ ելեւէջները տօնական մթնոլորտ ստեղծեցին, բայց նաեւ անոր համար, որ ձեռնարկը կը կայանանար ՀՕՄի հարիւրամեակի սեմին: Արդէն ՀՕՄը 100 տարեկան էր:
Ձեռնարկին պատասխանատուն էր եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ընդհանուր տնօրէնուհի Ժասիկ Ջառահեանը:
ՀՕՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեան խօսք առնելով ըսաւ. «ՀՕՄի 100 ամեակը մեզի համար առիթ մըն է վերարժեւորելու մեր անցեալի աշխատանքները, ապագայի հեռանկարներով նոր ծրագիրներ մշակելու եւ վերանորոգելու մեր ուխտը: Բոլորս կը գիտակցինք, որ ՀՕՄի ուխտը մեր ամբողջական նուիրումի ուխտն է՝ ծառայելու մեր ազգին այն նուիրուածութեամբ, որ կը դիմանայ մեր կեանքի տարբեր հանգրուաններու ելեւէջներուն»:
Ան դրուատեց ՀՕՄի ծառայած սերունդները ըսելով. «Մեր նախնիները ապացուցեցին, թէ ՀՕՄի առաքելութեան գիտակցութեան կարեւորութիւնը եւ հաւատքը հիմնական ազդակներ են յաջողցնելու համար բարեսիրական ծրագիրները: Նոյն գիտակցութեամբ է, որ պիտի ջանանք ՀՕՄի աշխատանքները առաջ տանիլ, հանրութեան իրազեկ դարձնելով ՀՕՄի աշխատանքներու խիստ կարեւորութիւնը»:
Փօլատեան անդրադարձաւ ՀՕՄէն ներս կամաւոր աշխատանքի դերակատարութեան՝ անոր անդամներու կեանքէն ներս ըսելով. «100 ամեակը նաեւ առիթ մըն է որ վերյիշենք մեր անդամագրութիւնը այս մեծ միութեան հետեւելով մեր մայրերու եւ քոյրերու օրինակին. անդրադառնանք, թէ նոյն նպատակներուն միասնաբար ծառայելով թրծուած են մեր միտքերն ու հոգիները եւ ստեղծած անքակտելի կապեր մեր ընկերուհիներուն միջեւ»:
Ան Շրջանային վարչութեան անունով գնահատեց իւրաքանչիւրին նուիրեալ աշխատանքը, խոստանալով նեցուկ կանգնիլ մասնաճիւղերու աշխատանքներուն իր բոլոր միջոցներով, միեւնոյն ատեն տեղեկացուց, թէ նոր թափով առաջ կը տարուին յարաբերական աշխատանքները եւ խիզախ նպատակներ կը հետապնդուին ՀՕՄի ապագան կերտելու համար:
Փօլատեան իր պատգամը աւարտեց ըսելով. «Մենք յոյսով ենք, որ ՀՕՄի նոր սերունդին պատկանող անդամները մեր փորձառու անդամներուն նման նոյնքան ոգեւորութեամբ պիտի կառչին ՀՕՄի իտէալներուն եւ յանձնառութիւն ստանձնեն, մեզ վստահեցնելով որ ՀՕՄը լաւ ձեռքերու մէջ պիտի ըլլայ նաեւ իր երկրորդ 100ամեակին»:
Շրջանային վարչութեան ատենապետուհիին ակնարկած յարաբերական միջոցներէն մէկն է «ՀՕՄի Ձայն» համացանցային պարբերաթերթը (ARS Voice Online), որ կարելի է ստանալ ելեկտրոնային նամակ ղրկելով ARSVoice@ARSwestUSA.org հասցէին:
Ժասիկ æառահեան, որ տարիներէ ի վեր կը վարէ այս ձեռնարկի պատասխանատուութիւնը, դրուատեց մասնաճիւղերու նիւթական ներդրումը՝ իրենց մասնակցութիւնը ներկայացնելով եւ յորդորեց ներկաներուն իրենց աջակցիլ Մայիս 16ի ՀՕՄի 100 ամեակի Հիմնադրամի ի նպաստ ձեռնարկին ու յուշագրքին:
Ձեռնարկը իրենց երգերով խանդավարեցին Սալբի Մայիլեան, Գագիկ Պատալեան եւ Վառուհի Շահինեան, այնպիսի հաճելի մթնոլորտ եւ բարձր տրամադրութիւն ստեղծելով, որ մէկը չէր ուզեր հեռանալ սրահէն եւ բաժնուիլ հին ծանօթներէ ու նոր բարեկամներէ:
Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային մարդահամարի գրասենեակի ներկայացուցիչ Անահիտ Թոմասեանը պէտք եղած բացատրութիւնները տուաւ 2010ի մարդահամարի մասին:
Ինչպէս ընկհ. Սօսի Փօլատեանը ըսաւ. «Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ ՀՕՄի 100 ամեակին ականատես եղանք: ՀՕՄի 100ամեակը մեր բոլորիս համար շնորհաւոր ըլլայ»:
Ահա այսպէս նոր թափով սկսաւ ՀՕՄի ծառայական կեանքը 2010 թուականին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.