ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի մարզական կեանքը եռուն է: Այս մեծ ընտանիքի մարզիկ-մարզիկուհիները միշտ ալ զբաղ են շրջանէն ներս կազմակերպուող մարզական զանազան մրցաշարերով: Բոլորիս ծանօթ է, թէ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ պասքէթպոլի մարզաճիւղը եւ այս շրջանը զանազան դասակարգերու աւելի քան 300 խումբեր ունի:
Այսուհանդերձ, մեծ ճիգ կը թափուի քաջալերելու զարգացումը այլ մարզաճիւղերու, որոնց կարգին յատկապէս ֆութպոլը: Այս իմաստով գեղեցիկ նախաձեռնութիւն մը կատարած էր ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղի մարզական խորհուրդը, կազմակերպելով ֆութպոլի (Mini Soccer) միջ-մասնաճիւղային մրցաշարք մը, հրաւիրելով ՀՄԸՄի Օրէնճ Քաունթիի «Սարդարապատ» եւ Ինլընտ Էմփայրի «Արազ» մասնաճիւղերը:
Մրցաշարքը նուիրուած էր «Մասիս» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 30ամեակին:
Երեք մասնաճիւղերու Ա., Ե. եւ Է. դասակարգերու երկսեռ խումբերու միջեւ ընթացող այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ 21-22 Նոյեմբեր 2009ի շաբաթավերջին Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի Փարթինիա համալիրի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ:
Երկօրեայ գեղեցիկ այս մրցաշարքին ակնյայտ էր ծնողներու ներկայութիւնը, որոնք լրջութեամբ կը հետեւէին մրցումներուն եւ իրենց ծափահարութիւններով կը քաջալերէին մրցող իրենց զաւակները:
«Ինծի համար կարեւոր չէ յաղթանակը կամ պարտութիւնը: Կարեւորը իմ զաւկիս մաքուր միջավայրի մը մէջ ըլլալն է, որուն համար մեծապէս երախտապարտ ենք ՀՄԸՄին եւ այս պարագային ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղին», ուրախութեամբ հաստատեց մրցող մարզիկուհիներէն մէկուն ծնողը:
Իսկ մրցաշարքի առիթով մրցաշարքի կազմակերպիչ «Մասիս» մասնաճիւղի վարչութեան մարզական պատասխանատու եւ ՀՄԸՄի Լիբանանի ֆութպոլի աստղերէն եղբ. Սագօ Սագայեան, մեծ գոհունակութեամբ փոխանցեց, թէ «Մասնաճիւղը նման մրցաշարեր պիտի շարունակէ կազմակերպել, որպէսզի հետզհետէ ֆութպոլը տիրական ներկայութիւն ըլլայ ՀՄԸՄի մարզական կեանքէն ներս: Այս իմաստով մեծ հետաքրքրութիւն կայ յատկապէս փոքրերու մօտ, որոնց ծնողները ամէն շաբաթ մարզադաշտ կը բերէն իրենց զաւակները եւ հաճոյքով կը հետեւին անոնց փորձերուն: Փոքր խումբերուն մէջ ակնյայտ է նաեւ իգական սեռի ներկայութիւնը, որ մեծապէս քաջալերելի է: Պէտք է զարկ տալ ֆութպոլի զարգացման ՀՄԸՄէն ներս»:
Պէտք է ընդգծել, թէ ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղը շրջանի ՀՄԸՄի աշխոյժ մասնաճիւղերէն մէկն է, որուն 30ամեակն էր անցեալ տարի: Այս ուրախ առիթով, 2009 տարեշրջանի բոլոր աշխատանքները նուիրուած էին այս տարեդարձին:
Ստորեւ մրցաշարքի արդիւնքները.
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- ՀՄԸՄի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի «Արազ» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղ
Ե. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ
Է. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի «Սարդարապատ» մաս-նաճիւղ
Իրենց բացառիկ խաղարկութեան համար գնահատանքի բաժակներ ստացան հետեւեալ մարզիկները.
Անթընի Քէշիշեան
Արմանտ Հայրապետեան
Վիգէն Քէքէճեան
Արա Մինասեան
Կրէկորի Քոտիլեան
Արա Աշճեան
Ատնի Շէգեան