Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, օրին գոհունակութեամբ մեր ժողովուրդին յայտնած էր, որ 2010 տարուան սեմին, Լաս Վեկասի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ծխական համայնքը առած է պատմական քայլ մը, որ իբրեւ կարեւոր նուաճում կ՛արձանագրուի Արեւմտեան մեր Թեմի տարեգրութեանց մէջ ու հպարտութեան առիթ է բոլորիս համար։
Արդարեւ, Ազգային Առաջնորդարանի քաջալերանքով, եկեղեցւոյ ծխական համայնքը, իբրեւ արդիւնք տեղւոյն յանձնախումբին հետեւողական աշխատանքին, ինչպէս նաեւ շնորհիւ իշխանական նուիրատուութեան մը, տէր դարձաւ կալուածի մը, որուն վրայ գտնուող կառոյցները բարեփոխութեան ու պատշաճեցման ենթարկուելէ ետք, պիտի ունենանք եկեղեցի ու մշակոյթի կեդրոն մը։
Կալուածը կը գտնուի քաղաքի բանուկ մէկ փողոցին վրայ։ Հասցէն է 2054 E. Desert Inn, Las Vegas, NV 89169.
Պատմական այս իրագործման առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ դոկտ. Կարօ Յակոբեան Դեկտեմբեր 20ին այցելեցին Լաս Վեկաս ու մասնակից եղան ծխական համայնքի ուրախութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը մատուցեց Ս. Պատարագ. Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ներսեհ աբղ. Շեխուկեան (Վենեզուելլայի հայոց հոգեւոր հովիւը, որ հիւրաբար մեր Թեմը կ՛այցելէր) եւ Աւետիս քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի անդամներ։ Առաջնորդ Սրբազանն ու ժողովականութեան ներկայացուցիչները այնուհետեւ հանդիպում ունեցան ծխական համայնքի զաւակներուն ու յանձնախումբի անդամներուն հետ, շնորհաւորելով անոնց աշխատանքն ու գնահատելով ձեռք բերուած արդիւնքը։ Առաջնորդ Սրբազանը յատկապէս ողջունեց եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը՝ տիար Լէրի Պարնզը եւ յանուն գաղութին ու մեր Թեմին՝ երախտագիտութիւն յայտնեց անոր, որովհետեւ ի յիշատակ իր հանգուցեալ կնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի, եւ ի յարգանս Տէր Կարապետեան ընտանիքի ննջեցեալներուն (որոնց կարգին, հանգուցեալ Տիկին Սեդայի երկու եղբայրները, զոհ՝ Ցեղասպանութեան), ան յանձն առած է համալիրին գլխաւոր բարերարութիւնը, նուիրելով 400,000 (չորս հարիւր հազար) տոլար։ Ի յիշատակ Տէր Կարապետեան ընտանիքի ննջեցեալներուն, եկեղեցին պիտի անուանակոչուի Ս. Կարապետ։ Անոր գմբէթը պիտի ըլլայ նման Աղթամար կղզիի եկեղեցւոյ գմբէթին. նշենք, որ Տէր Կարապետեան ընտանիքը բռնագաղթուած է Վանէն։
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ շնորհիւ ծխական յանձնախումբի ճիգերուն, յատկապէս բարերարին իշխանական նուիրատուութեան, կալուածին փոխարժէքը ամբողջութեամբ վճարուած է։
ԻՆՉՊԷՍ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒԵՑԱՒ
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՅԼԸ
Լաս Վեկասի ծխական համայնքը սեփական եկեղեցի ունենալու ծրագիրը իբրեւ առաջադրանք ունէր երկար ատենէ ի վեր։ Ծանօթ է, որ մօտաւորապէս երեք տարի առաջ, շրջանի ծխական յանձնախումբը վերակազմուած էր, գլխաւորութեամբ տիար Ատրուշան Արմէնեանի ու գաղութին կազմակերպման գործը թեւակոխած էր նոր շրջան մը, մասնակցութեամբ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ տարիներու ծառայութիւն ունեցող ազգայիններու։ Քանի մը ամիս առաջ, ծխական յանձնախումբը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր կալուածի մը վրայ, որ յարմարութիւնը ունի բարեփոխութեան ենթարկուելու եւ վերածուելու համալիրի մը, որ պիտի բաղկանայ, ինչպէս նշեցինք, եկեղեցիէ ու մշակութային կեդրոնէ մը։
Կիրակի, Դեկտեմբեր 20ին, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հանգուցեալ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի յիշատակին, անոր մահուան առաջին տարելիցին առիթով։ Արարողութենէն ետք, համայնքի զաւակներուն հետ հանդիպումին, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ հանգուցեալին նուիրումն ու բազմամեայ ծառայութիւնը Լաս Վեկասի ծխական համայնքին ու հայկական միութեանց։ Հանգուցեալը տարիներ շարունակ անդամ էր Լաս Վեկասի ծխական համայնքին ու ցմահ գործեց նա՛եւ սեփական եկեղեցւոյ ծրագիրը իրականացնելու համար։ Այսպէս, անոր երազը դարձաւ իրականութիւն։
ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՅԱæՈՐԴ
ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐԸ
Ինչպէս նշեցինք, ձեռք բերուած կալուածը կը կարօտի բարեփոխութիւններու ու պատշաճեցման։ Ներկայ վիճակով, անիկա կը բաղկանայ երկու գլխաւոր բաժիններէ, որոնցմէ մէկը մօտ ատենէն պիտի վերածուի մշակութային կեդրոնի եւ անոր սրահը առժամաբար պիտի ծառայէ իբրեւ եկեղեցի, նկատի ունենալով, որ երկրորդ բաժինին պատշաճեցումը կը կարօտի համեմատաբար աւելի երկար աշխատանքի ու նիւթական յաւելեալ միջոցներու։
Ուրախ ենք յայտնելու, որ Լաս Վեկասի հայութիւնը, իր անհատ բարերարներով ու միութենական միաւորներով, ի մի խմբուած է այս ծրագիրին շուրջ։ Գլխաւոր բարերարին կողքին, ծխական համայնքը նուիրատուութեան խոստումներ ունի յաջորդ քայլերուն իրականացման համար։ Ծխական յանձնախումբը նոյն թափով կը շարունակէ աշխատանքը, զայն իր կատարելութեան հասցնելու նպատակով։
Ոչ մէկ կասկած, որ լաւ սկսուած գործը յաջողութեամբ պիտի շարունակուի ու մօտիկ ապագային, շրջանի հայութիւնը, իր կողքին ունենալով Ազգային Առաջնորդարանն ու մեր Թեմի ազգայինները, հանգրուանաբար իր լրումին պիտի հասցնէ եկեղեցի-մշակութային կեդրոն ծրագիրը, որ պիտի լծուի շրջանի հայութեան հոգեմտաւոր ծառայութեան։