ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Արտասահմանի պուլկարացիներու գործակալութեան պատասխանատու՝ Պուլկարիոյ նախարար Պոճիտար Տիմիթրով մեղուներու փեթակը խառնեց նոր տարուան սկիզբը, սպառնալով արգիլել Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութիւնը, եթէ Թուրքիա չհամաձայնի վճարել միլիառաւոր տոլարի գումարներ՝ իբրեւ հատուցում այն պուլկարացիներուն, որոնք բռնի կերպով տեղահանուած էին Օսմանեան ժամանակաշրջանին։
Տիմիթրով նշեց, թէ Թուրքիան քսան միլիառ տոլար պարտական է Պուլկարիոյ՝ 1913ին հարիւր հազարաւոր պուլկարացիներ արտաքսելուն համար։ 1925ին կնքուած համաձայնագիրի մը մէջ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը, որ հիմնուեցաւ 1923ին, ստանձնեց Օսմանեան կայսրութեան պարտաւորութիւնները եւ համաձայնեցաւ հատուցումներ կատարել։ Սակայն ցարդ Պուլկարիա ոչ մէկ հատուցում ստացած է թրքական կառավարութենէն։
«Թուրքիա վստահօրէն կրնայ վճարել այս գումարը։ Վերջապէս ան աշխարհի տասնվեցերորդ մեծագոյն տնտեսական ոյժն է», նշեց Տիմիթրով՝ շահագործելով հաստատում մը, որ թուրք պաշտօնատարներ յաճախ կը կատարեն՝ յոխորտալով իրենց երկիրին տնտեսական զօրութեամբ…
Տիմիթրով բացայայտեց, թէ 1925ին կնքուած համաձայնագրով սահմանուած՝ հատուցում կատարելը Պուլկարիոյ նախապայմաններէն մէկն է Թուրքիոյ Եւրոպական միութիւն անդամակցութեան դէմ վեթոյի ոյժ չգործածելու համար։ Միւս երկու նախապայմանները կապ ունին ուժանիւթի եւ ջուրի կառավարման հարցերու հետ։
Պուլկարիոյ կառավարութեան բանբերներէն Վեսելին Նինով 4 Յունուարին «Ի.Եու. Օպզըրվըր»ին վստահեցուց, թէ Տիմիթրովի յայտարարութիւնը կը ներկայացնէր պետական պաշտօնական քաղաքական վարքագիծը։ Ան բացայայտեց, թէ վէճի լուծումը ստանձնած է «պուլկար-թրքական միջկառավարական աշխատանքային խումբ» մը, եւ թէ վարչապետ Պոյքօ Պորիսով հատուցման հարցը պիտի արծարծէ Թուրքիա կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին։
Թուրք պաշտօնատարներ արագ եւ կոպիտ կերպով հակազդեցին… Արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, կրկնելով նոյն այն անհիմն ամբաստանութիւնները, զորս թուրք պաշտօնատարներ յաճախ կը կատարեն Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ, դիտել տուաւ, թէ թուրքերը պուլկարներուն չափ տառապած են այդ ժամանակաշրջանին։ Ըստ «Զաման» օրաթերթին, Տաւութօղլու զգուշացուց, թէ Պուլկարիոյ հատուցման պահանջը կրնայ վնասել երկկողմանի յարաբերութիւններուն, հակառակ անոր, հաստատեց ան, որ երկու երկիրները սկսած են քննարկել «Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն թուրքերու եւ պուլկարացիներու զանգուածային փոխադրութեան հետ կապ ունեցող հարցեր»։
Պուլկարացի պաշտօնատարներ անմիջապէս նահանջեցին՝ անդրադառնալով, որ այդ հարցին գծով Թուրքիոյ հետ բաց ճակատումը կրնայ այնքան օգտակար չըլլալ որքան լուռ, փակ դռներու ետին ընթացող բանակցութիւնները։ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Մարին Ռայքով փորձեց մեղմացնել Տիմիթրովի պահանջները, նշելով, թէ իր երկիրը Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութիւնը չի պայմանաւորեր տեղահանուած անձերու համար հատուցման վերաբերեալ առնուելիք որոշումով։ Մինչ այդ վարչապետ Պորիսով յանդիմանեց Տիմիթրովը, սպառնալով պաշտօնանկ ընել զինք, եթէ յառաջիկային նոյնանման յայտարարութիւն մը կատարէ առանց նախ իրեն հետ խորհրդակցելու։
Նախարար Տիմիթրով անմիջապէս ներողութիւն խնդրեց, որպէսզի կարենայ իր պաշտօնը պահել։ Սակայն մամլոյ պաշտօնատար Վեսելին Նինով նոյնքան բախտաւոր դուրս չեկաւ։ Ան պաշտօնէն արձակուեցաւ Տիմիթրովի յայտարարութեան նեցուկ կանգնած ըլլալուն պատճառով։
Առ այժմ, Պուլկարիոյ ղեկավարները կրնան կանխահաս նկատել Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութիւնը իրենց հատուցման պահանջին հետ բացայայտօրէն կապելը, հակառակ անոր որ տասնամեակներէ ի վեր մեծ թիւով պուլկարացիներ մնայուն կերպով պահանջած են այդ ձեւի հատուցումներ։ Հետեւաբար այնպէս կը թուի, թէ այս հարցը պիտի մնայ երկու երկիրներուն օրակարգերուն վրայ՝ ականահարելով Թուրքիոյ յաճախ արտայայտած այն համոզումը թէ՝ ան ոչ մէկ հարց կամ բանավէճ ունի իր դրացիներուն հետ։
Հակառակ վարչապետ Պորիսովի ժխտումին, Պուլկարիա ներկայիս ուրիշ կնճիռ մըն ալ աւելցուց Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան, որ հետզհետէ աւելի անըմբռնելի կը դառնայ։ Արդէն իսկ շարք մը եւրոպական երկիրներ, ինչպէս Ֆրանսա, Գերմանիա, Հոլանտա եւ Աւստրիա բուռն կերպով դէմ են Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան։ Յունաստանն ու Կիպրոսը պիտի չարտօնեն Թուրքիոյ, որ անդամակցի Եւրոպական միութեան, եթէ երբեք ան իր զօրքերը չքաշէ հիւսիսային Կիպրոսէն։ Առաւել, Թուրքիոյ համար անկարելի պիտի ըլլայ անդամակցիլ Եւրոպական միութեան առանց լրացնելու անոր բանալի պահանջներէն մէկը՝ իր բոլոր դրացի պետութիւններուն հետ իր սահմանները բանալը։ Ուստի Թուրքիա չի կրնար Եւրոպական միութեան անդամ ըլլալ եթէ չբանայ Հայաստանի հետ իր սահմանը՝ անկախ Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններուն ճակատագիրէն։
Եւրոպական միութեան անդամակցութեան դիմաց ծառացած արգելքներէն անդին, Թուրքիա մխրճուած է մեծաթիւ դատերու մէջ, որոնք իրեն դէմ յարուցուած են Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մօտ։ Եթէ ան մերժէ հատուցում կատարել Պուլկարիոյ՝ 1913ի գաղթականներուն համար, հաւանական է, որ ան օրինական յաւելեալ հարցեր դիմագրաւէ։
Սակայն Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մօտ դատեր շահելու Թուրքիոյ անցեալը շատ փայլուն չէ։ Ան արդէն իսկ կորսնցուցած է շարք մը մեծ դատեր հիւսիսային Կիպրոսը գրաւման տակ պահելուն համար։ Առաւել, Թուրքիոյ մէջ յոյն եւ հայ փոքրամասնութիւններու հաստատութիւններ, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին միջոցաւ, յաջողութեամբ վերատիրացան իրենց կալուծաներէն մէկ մասին, որ բռնագրաւուած էր տասնամեակներ առաջ։
Քաջալերուած՝ յաջողութեամբ պսակուած այդ դատերէն, Թուրքիոյ մէջ եւ ամբողջ Եւրոպայի տարածքին բնակող հայերը պէտք է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին միջոցաւ օրինական հատուցում հետապնդեն Ցեղասպանութեան ընթացքին իրենց կրած անհամար կորուստներուն համար։ Դիմումներ կարելի է կատարել սեփական կալուածի, դրամատնային հաշիւներու, անշարժ կալուածի, յուշակոթողներու եւ եկեղեցիներու համար։
Չկայ խաղաղութիւն առանց արդարութեան…
Չկայ հաշտութիւն առանց հատուցման…
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
Խմբագիր