ԵՐԵՒԱՆ.- «7 Օր» լրատուական ծառայութեան ստացած տեղեկութիւններու համաձայն, քանի մը օր առաջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը մեկնած է Մոսկուա: ԼՂՀ նախագահի պաշտօնական կայքէջին վրայ, սակայն, այս մասին որեւէ հաղորդագրութիւն չկայ: Թէ ի՞նչ նպատակներով Բ. Սահակեանը մեկնած է Մոսկուա եւ ռուս պաշտօնեաներէն յատկապէս որու՞ն հետ հանդիպած եւ ի՞նչ հարցեր քննարկած՝ «7 Օր»ը փորձած է ճշտել ԼՂՀ նախագահական նստավայրէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.