Հայիթիի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր ու մահասփիւռ երկրաշարժը խլեց մեծաթիւ զոհեր ու պատճառեց նիւթական հսկայական վնասներ։ Զոհերուն շարքին են ականաւոր անձնաւորութիւններ. զոհ գացած են նաեւ երկրին Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ժոզէֆ Սերժ Միոթ արքեպիսկոպոսն ու բազմատասնեակ հոգեւորականներ։ Այս առիթով, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, յանուն թեմի ժողովականութեան ու հաւատացեալներուն, ցաւակցական գիր մը յղեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի առաջնորդ կարտինալ Ռաճըր Մահոնիի։
Առաջնորդ սրբազանին տնօրինումով, Կիրակի, Յունուար 17ին, թեմի եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. պատարագի, Տէր Ողորմեայի յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի երկրաշարժին բոլոր զոհերուն համար։
«Այսու կոչ կ՛ընենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ մարդկային այս աղէտին առիթով, մեր եկեղեցիներուն մէջ աղօթակից ըլլայ բիւրաւոր զոհերուն հոգիներուն համար։ Կարելի է նաեւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել աղէտեալներուն, նուիրատուութիւն կատարելով այս նպատակին ծառայող բարեսիրական կազմակերպութեանց», նշուած է Ազգ. առաջնորդարանի դիւանին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.