ԵՐԵՒԱՆ.- 2009ի Դեկտեմբեր 20ին «Աւանկարտ Մոթըրզ» ընկերութեան յայտարարած միջազգային բաց մրցոյթով, Երեւանի նախկին Երիտասարդական պալատը (ծանօթ «Կուկուրուզ» անունով) պիտի փոխարինուի INTER CONTINENTAL հիւրանոցային համալիրով։
«Աւանկարտ Մոթըրզ»ի տնօրէն Գէորգ Գէորգեան «Ա1+»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, թէ առայժմ գաղտնի են մրցոյթի մասնակիցներուն անունները, եւ թէ լաւագոյն երեք նախագիծերը պիտի յայտարարուին 2010ի Յունուար 24ին։
Ընտրող դատական կազմին մաս կը կազմեն «Աւանկարտ Մոթըրզ» ընկերութեան նախագահը, Երեւանի քաղաքապետը, Հայաստանի ճարտարապետներու միութեան նախագահը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆէն, Ճափոնէն, Սպանիայէն եւ Պելոռուսէն հրաւիրուած մասնագէտներ:
Մրցոյթին առաջին տեղը գրաւած նախագիծը պիտի ստանայ 70 հազար տոլար, իսկ երկրորդ եւ երրորդ տեղերը գրաւողները՝ համապատասխանաբար 30,000 եւ 15,000 տոլար:
Նշենք, որ մրցոյթի պայմաններէն մէկը այն է, որ համալիրը պէտք է նկատելի դառնայ քաղաքի բոլոր հատուածներէն: