ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Յունուար 18ին Երեւանի թիւ 198 երկրորդական դպրոցի 10րդ դասարանին մէջ, Պաքուի ջարդերու զոհերու յիշատակին նուիրուած բաց դաս վարած է նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանը։ Ան աշակերտներուն տեղեկացուցած է, թէ այս տարի ամբողջ հայութիւնը կը նշէ Պաքուի հայերու ջարդի 20ամեակը:
«1990ական թուականներին Պաքւում չկային կազմակերպուած հայկական ուժեր, որոնք կարողանային կազմակերպել ինքնապաշտպանութիւն, սակայն յայտնի են օրինակներ, որ բացարձակապէս հնարաւորութիւն չունեցող հայեր Պաքւում դիմադրել են մինչեւ վերջին փափուշտը», ըսած է ՀՅԴ պատգամաւորը, որուն համաձայն, Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ մեր տուած զոհերը մեծ դաս են մեզի համար:
«Ատրպէյճանի այդ վարքը մեզ ապացուցեց, որ հայերն ոչ մի պարագայում եւ ոչ մի կարգավիճակով չեն կարող ապրել Ատրպէյճանի կազմում», նշած է Յովհաննիսեան:
«Մենք մեր հայրենիքից ուրիշ ոչինչ չունենք, այն ինչ ունենք այս հայրենիքի բաղկացուցիչ մաս է՝ ընտանիքը, ընկերները, դրա համար մենք պէտք է պահպանենք եղածը: Մենք պէտք է ապրենք այնպէս, որ ցանկացած հակառակորդ հասկանայ, թէ հայերի հետ աւելի լաւ է գործ չունենալ: Խաղաղութիւնը նուաճում են միայն պատրաստ լինելով խաղաղութեան համար նահատակուելուն», աւելցուցած է ան:
Ապա զրուցելով լրագրողներու հետ՝ Վահան Յովհաննիսեան նշած է, թէ շատ ուրախալի է, որ նման թեմաներով բաց դասեր կ՛իրականացուին դպրոցներու մէջ, սակայն, ըստ իրեն, այս քայլերը մեծ ուշացումով կը կատարուին Հայաստանի մէջ: «Մենք պէտք է այս քարոզչութիւնը մտածուած կատարենք, եւ ոչ միայն յունուարեան օրերին, այլ՝ միշտ: Եւ եթէ այսօր միայն խօսում ենք Պաքուի ջարդերի մասին, դա ոչ թէ հիմնական նպատակն է, այլ առիթն է մեր ժողովրդին ճիշդ զարգացման ուղղու վրայ դնելու», ըսած է ան:
Նշենք, որ Յունուար 13ին լրացաւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան՝ հայերու ջարդի 20րդ տարելիցը: Այդ նպատակով, հանրապետութեան դպրոցներուն 9-11րդ դասարաններու աշակերտներուն համար, Յունուար 13-19ի միջեւ կ՛իրականացուին բաց դասեր՝ նուիրուած Պաքուի ջարդերու զոհերու յիշատակին: