ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Երեկուան սիւնակով ակնարկած էի շարք մը բարեկարգումներ իրականացնելու գործընթացին մէջ հսկայ ընկերութեանց ունեցած բացասական ազդեցութեան:
Իրենց շահը քաղաքացիներու իրաւունքներէն վեր գերադասող նման ընկերութիւններ ընտրապայքարներու ընթացքին կատարած իրենց «նուիրատուութիւն»ներով իշխանութեանց կը պարտադրեն քայլեր, որոնք նպաստաւոր պիտի ըլլան միայն իրենց տարեփակի տոմարներուն համար:
Այսուհետեւ, նման ընկերութեանց ազդեցութեան շուրջ մեր մտավախութիւնները պիտի բազմապատկուին, որովհետեւ Հինգշաբթի, Յունուար 21ի որոշումով մը, պահպանողական դատաւորներու հակակշռին տակ գտնուող Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը, 4ի դէմ 5 քուէներով որոշեց դուռ բանալ նման ընկերութեանց եւ կազմակերպութեանց սանձարձակ նուիրատուութիւններուն դիմաց՝ զօրաւոր հարուած մը հասցնելով ընտրապայքարի դրամահաւաքները բարեկարգելու նպատակով Քոնկրեսի փորձերուն:
Յատկանշական է, որ նախորդ նախագահ Ճորճ Պուշի նշանակած պահպանողական երկու դատաւորները կարեւոր ներդրում ունեցան յատկապէս հանրապետականներուն համար նպաստաւոր համարուող սոյն որոշումին գոյացման մէջ:
Քաղաքական կեանքին մէջ հսկայ ընկերութեանց ներդրումն ու ազդեցութիւնը պաշտօնականացնող եւ ընտրապայքարի նուիրատուութիւնները սահմանափակելու նպատակով 1907էն ի վեր ի զօրու օրէնքներ ոտնակոխող այս քայլը կարելի չէ արդարացնել այն պնդումով, թէ նուիրատուութիւններու սահմանափակումը արտայայտուելու ազատութեան դէմ առնուած քայլ մըն էր, որովհետեւ պատմութիւնը յստակօրէն ցոյց տուած է, թէ նման նուիրատուութիւններ կը կատարուին ոչ թէ այս կամ այն թեկնածուին սեւ աչքերուն, տեսլականին կամ գաղափարական սլացքներուն սիրոյն, այլ՝ յստակ ակնկալիքներով, որոնք ընդհանրապէս խոտոր կը համեմատին ժողովուրդին շահերուն:
Կարելի չէ ժողովրդավարական համարել ժողովուրդին վնաս հասցնող եւ երկրին ապագան մեծահարուստներու կամ առասպելական հարստութիւններով օժտուած ընկերութեանց վստահող այս քայլը: Ընդհակառակը, սոյն որոշումը ժողովուրդին ձայնը լռեցնել միտող քայլ մըն է:
Հիմա Քոնկրեսին ու զայն ընտրած ժողովուրդին պարտականութիւնն է աւելի խիստ օրէնքներ որդեգրելով՝ նուազագոյնի իջեցնել Գերագոյն ատեանի այս որոշումին վնասները, որպէսզի ժողովուրդին ձայնը չխեղդուի ակնկալուող դրամահեղեղին մէջ: