ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Թարաֆ» թերթը այս շաբթուան ընթացքին դարձեալ տեղեկութիւններ բացայայտեց Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իշխանութենէ հեռացնելու ծրագրի մը մասին։ Թերթը, որ հակառակ իրեն դէմ բացուած դատերուն, քաջաբար կը շարունակէ մերկացումներ ընել, գրած է «Լախտի հարուած», )«Պալեօզ տարպէսի») ծրագրին մասին, որ ցարդ երեւան հանուած ծրագիրներուն ամէնէն արիւնալին պիտի ըլլար, եթէ իրականանար։
Ծրագիրը պատրաստուած էր եօթը տարի առաջ եւ անոր տակ ստորագրած է այդ օրերու առաջին զօրաբանակի հրամանատար զօր. Չեթին Տողան, որ նախ ընդունեց, որ այսպիսի ծրագիր մը պատրաստուած էր, բայց աւելի ուշ պնդեց, թէ նման ծրագիրներ ընդհանրապէս կը պատրաստուին ռազմափորձերու համար, որոնց նպատակն է երկիրը պաշտպանել:
Ըստ ծրագրին, մզկիթներու եւ այլ թիրախներու վրայ յարձակումներ պիտի կատարուէին եւ անոնց պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնէին յետադիմական տարրեր: Ստեղծուելիք իրարանցումին հետեւանքով, արտակարգ վիճակ պիտի հռչակուէր ու իսլամական արմատներ ունեցող կառավարութիւնը կարելի պիտի ըլլար տապալել: Ծրագրին մէջ կը յիշուին անունները գործողութեան մասնակցելու կոչուած 162 զինուորականներուն, որոնցմէ 29ն՝ զօրավարի աստիճան ունէին։
Ուրբաթ օր, երկու դատախազներ «Թարաֆ» օրաթերթի լրագրող Մեհմետ Պարանսուի կողմէ տրամադրուած փաստաթուղթերուն շուրջ հետաքննութեան ձեռնարակեցին։
Տողան Հինգշաբթի օր զանազան կայաններէ ինքզինք պաշտպանել փորձեց, սակայն հակադիր կեցուածք ունեցող կայաններն ու թերթերը անշեղ հետեւողականութեամբ նոր բացայայտումներ ըրին՝ պնդելով, թէ Տողան իրականութիւնը կեղծել կը փորձէ: Երբ լրագրողներ Տողանին յիշեցուցին, թէ Հրանդ Տինք եւս կը գտնուէր աւելի քան երեսուն լրագրողներու մէջ, որոնք պիտի ձերբակալուէին իրականացուելիք պետական հարուածէն ետք, ան պատասխանեց, որ Տինքը չէր ճանչցած:
«Թարաֆ» Ուրբաթ օր հրատարակած է Տողանի կողմէ քանի մը տարի առաջ կատարուած ճառախօսութիւն մը, ուր ան կը պահանջէր խորհրդարանէն ու կառավարութենէն, որ իրենք զիրենք կարգի հրաւիրեն եւ «կարգ ու կանոն հաստատեն իրենց գործունէութեան մէջ»։