ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ, Էրտալ Կիւվէն կը քննադատէ թրքական մամուլը՝ պնդելով, որ ան ինկած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան լարած ծուղակին մէջ՝ կուրօրէն Հայաստանը մեղադրելով արձանագրութիւններու խնդիրով։ Յօդուածագիրը հեգնանքով կ՛արձագանգէ թուրք մամուլին այն լուրերուն, թէ՝ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը Հայկական Ցեղասպանութեան գծով կը պնդէ, Կարսի համաձայնագիրը չի ճանչնար, եւ այլն։ «Մինչդեռ կարեւորն այն է, որ Սահմանադրական դատարանը Սահմանադրութեան հակասող բան չէ տեսած «փրոթոքոլ»ներուն մէջ։ Ի՞նչ իմաստ ունի սպասելը, թէ՝ Սահմանադրական ատեանը պիտի ժխտէր Ցեղասպանութիւնը կամ պիտի ճանչնար համաձայնագիր մը, որուն տակ ստորագրութիւն չէ դրած։ Եթէ «փրոթոքոլ»ներուն մէջ Ցեղասպանութեան կամ միւս հարցերուն դէմ յօդուած ըլլար, Հայաստան կը ստորագրէ՞ր այդ «փրոթոքոլ»ները։ Յետոյ ինչո՞ւ մամուլը այսքան սպասեց՝ դատարանի որոշումին դէմ բողոքելու համար։ Պատասխանը յայտնի է. Որովհետեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը օրեր շարունակ մտմտաց, ելք մը փնտռեց ու ելքը գտնելով՝ զայն թելադրեց մամուլին», կը գրէ ան։
Կիւվէն կ՛ըսէ, որ ինք չի հասկնար, թէ ուրկէ՞ եկած է այն տպաւորութիւնը, թէ՝ Հայաստան պիտի հրաժարէր Ցեղասպանութեան պնդումէն։ «Մարդիկ կը հրաժարի՞ն հարիւր տարիէ ի վեր պաշտպանուած դատէ մը», կը գրէ ան ու կ՛աւելցնէ. «Խնդիրին էութիւնը սա է. Թուրքիա-Հայաստան մերձեցման գործընթացը անելի մէջ է, որովհետեւ Թուրքիոյ ակնկալութիւնը չիրականացաւ, այսինքն՝ հայերը չկրցան համաձայնիլ Ատրպէյճանի հողամասերը պարպելու հարցին մէջ։ Թուրքիա անելի մէջ էր եւ ճիշդ այդ վայրկեանին է, որ Թուրքիոյ օժանդակութեան եկաւ Սահմանադրական դատարանի որոշումը։ Հիմա արտաքին գործոց նախարարութիւնը խնդիրը պիտի մեծցնէ, պատրուակ պիտի փնտռէ ու պիտի ջանայ ամբողջ պատասխանատուութիւնը բերցնել Հայաստանի վրայ։ Բայց Թուրքիայէն դուրս այս պնդումին հաւատացող պիտի ըլլա՞յ։ Կը կասկածիմ»։